Կիրակի, 21 Փետրուարի երեկոյեան սկիզբ առաւ Աւստրիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած Haytadology II հայկական ժամանակակից հարցերուն նուիրուած խտացեալ դասընթացքը առցանց Zoom հարթակի վրայ:
Չորս օրերու վրայ երկարող դասընթացքին մասնակցութիւն կը բերեն Եւրոպայի զանազան երկիրներէ նշեալ նիւթով հետաքրքուած առաւել քան 80 երիտասարրդներ: Դասընթացքին պաշտօնական բացման նիստին ելոյթ ունեցան ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակի նախագահ Կիրօ Մանոյեան եւ Աւստրիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի Ներկայացուցիչ Գէորգ Յակոբճեան, որոնք ներկայացուցին դասընթացքին կարեւորութիւնը համազգային ճգմաժամի այս օրերուն ու անոր հետապնդած նպատակները: Դասընթացքը կը նպատակադրէ Եւրոպայի մէջ ապրող երիտասարդներուն վերջին ամիսներու հայկական իրադարձութիւններուն եւ տարածաշրջանային զարգացումներուն մասին համապատասխան գիտելիքներով օժտել ու զանոնք Եւրոպայի մէջ հանրայնացնելու եւ ի նպաս հայութեան, Հայաստանի ու Արցախի աշխատանք տանելու հմտութիւնները եւ գործընթացները զարգացնել:
Դասընթացքը սկիզբ առաւ 9 Նոյեմբերի Եռակողմ յայտարարութեան նուիրուած նիստով: Նիստին ընթացքին յայտարարութեան 9 կէտերը մանրամասն քննարկումի եւ վերլուծութեան ենթարկուեցաւ իրաւական, քաղաքական ու ընկերահոգեբանական դիտանկիւններէ:
Յայտարարութեան իրաւական ուժին եւ հետեւանքներուն մասին զեկուցեց իրաւաբան Ռուբէն Մելիքեան։ Անոր քաղաքական հետեւանքներուն մասին անդրադարձաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, նախկին նախարար Արծուիկ Մինասեան, իսկ ընկերահոգեբանական հետեւանքներուն մասին՝ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, Ազգային ժողովի նախկին անդամ Լիլիթ Գալուստեան:
Բոլոր զեկուցաբերները շեշտեցին յայտարարութեան ունեցած կործանարար ազդեցութիւնը եւ հետեւանքները, Հայաստանի ինքիշխանութեան ու հայ ժողովուրդի ազգային անվտանգութեան տեսակետէն:
Երկրորդ նիստը ունէր հետեւեալ խորագիրը՝ «Տարածաշրջանային վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ, Հայաստան-Ատրպէյճան, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններ»: Նիւթը հանգամանօրէն ներկայացուց քաղաքագէտ, լրագրող, միջազգային յարաբերութիւններու մասնագէտ դոկտոր Աբրահամ Գասպարեան, որ մանրամասնօրէն ներկայացուց Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու հոլովոյթը տարածաշրջանային զարգացումներու լոյսին տակ: Անդրադարձ կատրուեցաւ նաեւ սահմաններու բացման, ճանապարհներու ապաշրջափակման եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ վերսկսելու հաւանականութիւններուն եւ անոնց հետեւանքներուն մասին: