Լիլիթ Գալստեան
Մշակոյթի, մարմնակրթութեան եւ կրթութեան նախարարութիւններու հնարաւոր կամ արդէն ուրուագծուող միացումը անհանգստացնող է, եթէ ոչ՝ անհասկնալի։ Հաւանաբար յետագային հիմնաւորումներ պիտի տրուին ոլորտին մէջ բարենպաստ պայմաններու ստեղծման անհրաժեշտութեան, կառավարման նոր տարբերակներ որդեգրելու, այլ առաջնահերթութիւններ սահմանելու վերաբերեալ, սակայն հրապարակի վրայ սոսկ միացման առաջնահերթութիւնն է եւ ոչինչ բովանդակութեան կամ տեսլականի մասին, այն մասին, թէ մշակութային ինչ քաղաքականութեան, ինչ ռազմավարութեան վրայ պիտի յենուի բարենպաստ պայմաններու ստեղծումը կամ՝ Հայաստանի քաղաքական ներկային եւ հեռանկարին ինչ տեղ վերապահուած է անոր։
Հայաստանի համար առանցքային, խիստ ընդգրկուն երկու ոլորտները`կրթութիւն-մշակոյթ, մէկ տանիքի տակ ամփոփելու մտայնութիւնը թոյլ կու տայ տարակուսելու՝ արդեօք կը գիտակցուի՞ եւ կարեւոր կը համարուի՞ մշակոյթի դերակատարութիւնը ինքնութեան, պետականութեան, անվտանգութեան ծիրէն ներս։ (Գրեթէ չեմ կասկածիր, որ մշակոյթը լուսանցքի վրայ պիտի յայտնուի):
Այնպէս կ՝ուզէի հաւատալ, որ Հայաստանի մէջ իրականացուող մշակութային քաղաքականութիւնը պիտի կարենար պատասխանել հասարակութեան առջեւ կանգնած կարեւորագոյն խնդիրներուն՝ ինչ երկիր կը կառուցենք, ով է անոր քաղաքացին, ուր կ՝երթանք։ Այդ քաղաքականութիւնը կենսունակ պիտի ըլլար ամէնուր՝ հանրակրթութեան մէջ, մասսայական լրատուամիջոցներու, քաղաքաշինութեան եւ ճարտարապետութեան մէջ, արդարադատութեան համակարգին մէջ եւ առհասարակ երկրի հասարակական-քաղաքական փոփոխութիւններու ծիրէն ներս։
Աւաղ, մշակոյթի բախտը յամառօրէն լաւ չէ… Տարիներ շարունակ չմտնելով պիւտէի առաջնահերթութիւններուն մէջ, կրելով թերֆինանսաւորման կնիքը` անիկա այնուամենայնիւ նուիրեալներու ջանքերով արդիւնքներ ապահոված է, յաճախ՝ արժանապատիւ ներկայութիւն։ Այս դժուար ժամանակներուն, մենք կրցած ենք միջազգային հարթակներու վրայ ներկայանալ մեր մշակութային կերպով (թերեւս մեր միակ մրցունակ մակնիշով): Չեմ դադրիր արձանագրելէ՝ մշակոյթի յատկապէս քաղաքական ընկալումն ու իմաստաւորումը մեր մէջ այդպէս ալ չ՝աշխատիր, իսկ մշակութային քաղաքականութիւնը նախեւառաջ կ՝ընկալուի սոսկ իբրեւ գործառոյթներու սովորութեան հենքի ապահովում։
Աւաղ, երկրի քաղաքական վերնախաւը, այս պահուն, այլ առաջնահերթութիւններու շրջագիծի վրայ է, իսկ գիտամշակութային, հոգեւոր կամ մտաւոր վերնախաւը առաւել քան մեկուսացած է, հասարակութեան հետ անոր երկխօսութեան մակարդակը ցած է, եթէ ոչ՝ զերօական։
Իբրեւո արդիւնք՝ մեր ազգային գաղափարական տրամաբանութենէն կը բացակային ստեղծարար օրակարգերը եւ անոնցմէ բխող այնպիսի ծրագրային գործողութիւններ, որոնք պիտի յաղթահարեն երկրի մարտահրաւէրները, պիտի խթանեն հանրային լաւակեցութիւնը եւ մեզի՝ իբրեւ հասարակութիւն եւ պետութիւն, պիտի մօտեցնէին մրցունակ ապագային։
Ի՞նչ ընել․
• մշակոյթի դերի համակողմանի գիտակցումը եւ իմաստաւորումը դարձնել հանրային գիտակցութեան անբաժանելի մաս,
• վերակազմակերպել մշակոյթի պիւտէի ֆինանսաւորումը՝ զայն հասցնելով նուազագոյնը 3%-ի,
• մասնագէտ եւ շարժիչ մարդուժով բարձրացնել ոլորտի կառավարման արդիւնաւէտութիւնը, ամրագրել գործուն վերահսկողական մեքենականութիւններ,
• ապահովել օրէնսդրական երաշխիքներ եւ ընթացակարգեր տարրական կառոյցներու գործունէութեան, մշակոյթի ապակեդրոնացման, տարածքային համաչափ զարգացման, գեղարուեստական կրթութեան մատչելիութեան եւ որակի ապահովման համար․
• ի վերջոյ, մշակութային դրամագլուխի հաշուարկով մշակել Հայաստան 2023 հեռանկարային ծրագիր, որ պիտի ծառայէ Հայաստանի արտաքին մակնիշի ապասարկման, պիտի դառնայ քաղաքակրթական, մրցակցային արժէք, միւս կողմէ պիտի ապահովէ հայ ինքնութեան սպասարկում՝ ի հակադրութիւն բարոյական նահանջներու եւ պարտութիւններու։
Պարոնայք, սիրելիներ, մշակոյթի մէջ մեծ դատողականութիւն կայ, անիկա մրցունակ երկրի նախապայմանն է, ոչ միայն հասարակական խնդիրներ կը լուծէ, այլեւ՝ կը ձեւաւորէ ինքնութիւն ու պետականութիւն գիտակցող քաղաքացի։