Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մարիա Զախարովա յայտարարեց, թէ Մոսկուա մնայուն կապի մէջ է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կողմերուն հետ:
«Ռուսիա առաջին պահէն աշխատանք կը կատարէ, կապի մէջ է բոլոր կողմերուն հետ, նաեւ այն երկիրներուն հետ, որոնք ներգրաւուած են: Ամէն բան կը կատարուի, որպէսզի օգնենք երկիրներուն՝ կարգաւորել այս հակամարտութիւնը եւ վերադառնալ խաղաղ բանակցութիւններուն». ըսաւ Զախարովա:
Ան ընդգծեց, որ հակամարտութիւնը չունի այլ լուծում, բացի խաղաղ կարգաւորումէն:
« Կը պատերազմին երիտասարդները եւ ցաւ ի սիրտ կը զոհուին անոնք, որոնք տակաւին չեն սկսած ապրիլ: Իմ ցաւակցութիւնները կը յայտնեմ զոհուածներու ընտանիքներուն: Եթէ ինծի կախարդական փայտիկ տային եւ հարցնէին ին՞չ կը ցանկանայիր, ես կ’ըսէի, որ կը փափաքիմ խաղաղ ճանապարհով լուծել Լեռնային Ղարաբաղի հարցը: Սա իմ անկեղծ ցանկութիւնն է». նշեց Մարիա Զախարովան: