ՕՐՈՒԱՆ ԼՐԱԳԻՐ՝ 5 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2020
Ռազմական գետնի վրայ, ազերիները օրուան ընթացքին շարունակեցին ռմբակոծել Արցախի բնակելի շրջանները: Պարբերաբար ռմբակոծուեցան Շուշին, Ստեփանակերտը եւ այլ վայրեր:
Արցախի պաշտպանութեան բանակը ոչնչացուց Քարին տակ եւ Լիսագոր թափանցած ազերի հրոսակները:
Դիւանագիտական գետնի վրայ, Ռուսիա Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կողմերուն հանդուրժողականութիւն ցուցաբերելու, քաղաքացիները հարուածելէ խուսափելու կոչ մը ըրաւ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մարիա Զախարովա դիտել տուաւ, որ անհրաժետ է գործնական քայլերու ձեռնարկել լարուածութիւնը մեղմացնելու, հակամարտութիւնը հիմնարար սկզբունքներու հիման վրայ խաղաղ ճանապարհով կարգաւորելու բանակցութիւնները վերսկսելու համար:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը «բացարձակ սուտ» գնահատական տուաւ, սպանական «EFE» լրատուական գործակալութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին,Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կատարած յայտարարութիւններուն: Ալիեւ յայտնած է, թէ ըստ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան, պատերազմը Ազրպէյճանի տարածութեան մէջ տեղի կ’ունենայ: Ան նաեւ յայտնած է, թէ նախագահ Փութին մերժած է Հայաստանին օգնութիւն տրամադրելու վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի խնդրանքը:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դիտել տուաւ, որ Ազրպէյճանի նախագահին կեղծիքը բացայայտելու համար, անհրաժեշտ է պարզապէս կարդալ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակային յայտարարութիւնը:
Զախարովա աւելցուց՝ Ռուսիա ահաբեկչական գօտի ձեւաւորելու վտանգ կը տեսնէ Անդրկովկասի մէջ: «Ռուսիա կը դատապարտէ եւ անթոյլատրելի կը նկատէ հակամարտութեան մէջ օտար ուժերու միջամտութիւնը».եզրակացուց Զախարովա:
Իրանական «Azariha» կայքը տեսանիւթ մը հրապարակեց, ուր իրանեան բանակը յաւելեալ ստորաբաժանումներ եւ ռազմական արհեստագիտութիւն կը փոխադրէ Լեռնային Ղարաբաղի հետ սահմանը: