Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստան Մոսկուային դիմած է` Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ միջնորդնելու խնդրանքով:
«Կրնամ հաստատել, որ Հայաստանը Ռուսիոյ դիմած է Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ միջնորդութեան աջակցութեան խնդրանքով: Ռուսիան հետաքրքրուած է եւ ջանքեր գործադրած` ուղղուած հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման: Մեր երկիրը պատրաստ է հետագային եւս ատոր աջակցելու: Տուեալ հոլովոյթին գործարկումը, մեր կարծիքով` անմիջականօրէն պիտի նպաստէր շրջանին մէջ հասարակութեան առողջացման եւ բարի դրացիութեան ու երկխօսութեան ձեւաւորման, ինչ որ այժմ յատկապէս արդիական է», ըսած է Զախարովա: