ՄՈՍԿՈՒԱ.- ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի ամերիկացի նախկին համանախագահ Ռիչըրտ Հոկլընտ անցեալ շաբաթ յայտարարած էր, որ իբրեւ թէ ռուս համանախագահ Իկոր Փոփով իրեն ըսած է, թէ նոյնիսկ եթէ հայկական եւ ատրպէյճանական կողմերը համաձայնին Արցախի մասին Սերկէյ Լաւրովի ներկայացուցած ծրագիրին, ռուսական կողմը պիտի չդիմէ անոնց իրականացման։
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա այս մասին «Թերթ»ի տուած հարցումին պատասխանելով՝ ըսաւ. «Բացարձակապէս իրականութեան չի համապատասխաներ: Ռուսիա միշտ պատրաստ եղած է լուծման այն տարբերակին, որուն կ՛աջակցին տագնապին կողմերը: Այս մասին բազմիցս խօսած է Ռուսիոյ նախագահը: Այս դիրքորոշումը որոշիչ է Ռուսիոյ համանախագահութեան աշխատանքին մէջ: Ինչի՞ վրայ հիմնուած է Ռ. Հոկլընտ, երբ նման յայտարարութիւն ըրած է, ես չեմ պատրաստուիր գուշակել: Կ՛ուզեմ շեշտել, որ լուծման առաջարկներու թղթածրարը, բացի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու հռչակագիրներէն, կը ներառէր նաեւ անոր աջակցելու մասին Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի միացեալ յայտարարութիւնը: Այս երկու փաստաթուղթերը, առաւել ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւը, որ կը հաստատէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծման վերաբերեալ առաջարկներու թղթածրարը, կը կազմէին էութիւնը այն ժամանակուան ռուսական առաջարկներուն, որոնց մասին մանրամասնօրէն տեղեակ էին միւս համանախագահ երկիրները՝ Միացեալ Նահանգներ եւ Ֆրանսա, եւ որուն անոնք բոլորովին կ՛աջակցէին», ըսաւ Զախարովա: