Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Զախարովա` Փառուխի մասին. «սահմանազատման յանձնախումբի գործունէութիւնը կապ չունի Ղարաբաղի մէջ կացութեան հետ»

June 16, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
ՌԴ-ն մտահոգությամբ է ընդունում հայ-ադրբեջանական սահմանին լարվածության աճի ցանկացած դրսևորում. Զախարովա

Ռուսիա պատրաստ է յառաջիկային կազմակերպելու հայ-ազրպէյճանական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանագծման յանձնախումբի երկրորդ հանդիպումը: «Թերթ» կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:

«Հայ-ազրպէյճանական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանագծման յանձնախումբի գործունէութիւնը որեւէ ձեւով առնչուած չէ Ռուսիոյ խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտիին մէջ գտնուող Լեռնային Ղարաբաղի Ասկերանի շրջանի գիւղերէն մէկուն շուրջ ստեղծուած կացութեան հետ», ըսած է ան` անդրադառնալով Արցախի Փառուխ գիւղին շուրջ ստեղծուած կացութեան:

«Միեւնոյն ժամանակ յոյս ունինք, որ գործարկումն ու համակարգուած աշխատանքը պիտի նպաստեն Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ վստահութեան բարձրացման ու միջադէպերու կանխարգիլման, թէ՛ հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ, թէ՛ ալ Ռուսիոյ խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտիին մէջ», ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

Զախարովա նշած է, որ այժմ հանդիպումի թուականի հետ կապուած առաջարկներ կը սպասուին Հայաստանէն ու Ռուսիայէն:

«Արմէնփրես»-ի համաձայն, Զախարովա յայտարարած է, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով 23-24 յունիսին աշխատանքային այցելութեամբ պիտի մեկնի Ազրպէյճան, ուր կ՛ակնկալուին Լաւրովի հանդիպումները Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի եւ նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:

«Կ՛ակնկալուի քննարկել երկկողմանի յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման առնչուող բոլոր հարցերը` համաձայն 22 փետրուարին Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ ստորագրուած դաշնակցային համագործակցութեան հռչակագիրի կէտերուն», յայտնած է Զախարովա:

Ան նաեւ նշած է, որ նախարարները պիտի քննարկեն շրջանային ու միջազգային արդիական հարցեր, յատուկ ուշադրութիւն պիտի յատկացուի 9 նոյեմբեր 2020-ի, 11 յունուար եւ 26 նոյեմբեր 2021-ի բարձր մակարդակի եռակողմ համաձայնութիւններու կեանքի կոչման ընթացքին:

Previous Post

Վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւնները` 23 յունիսին

Next Post

«Ռուսիոյ տարածքային զիջումներ կատարելու որոշումը պէտք է տան ուքրանացի ժողովուրդն ու Զելենսքին» կ՛ըսէ Պլինքըն

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.