Արա Ճուհարեան
Զահրատի հայրենասիրական հայացքը կ՛երթայ դէպի նոր օրերը հայուն։ Մեծ եղեռնէն ետք, հայուն բնակութեան նոր վայրերուն եւ այդ նոր վայրերուն մէջ ապրող հայուն հոգեբանական բազմաճիւղ խնդիրներուն։ Երկուութեան զգացում, անճանաչ մնալու ցաւ, մեծ քաղաքներու վազքին մէջ արժէքազրկուելու վախ, տնտեսական տագնապներէն յառաջացած զրկանքներ, հինի եւ նորի անխուսափելի բախում։
Զահրատի բանաստեղծութիւնը ուրեմն, կը հետապնդէր նոր ծրագիր մը՝ ճանչնալ նոր ժամանակը հայուն եւ բացայայտել այդ ժամանակէն յառաջացած տագնապները։ Մինչ՝ իր ժամանակիցները շեշտուած յուզական հոգեխառնութեամբ, կ’ողբերգէին եղեռնը կամ կը գովերգէին հայրենիքը։
Զահրատի հայրենասիրութիւնը ընթացաւ անաղմուկ, նոր որոնումներու հետամուտ։ Իր առաջին գիրքը՝ ” Մեծ Քաղաքը”(1960), իսկութեան մէջ, քարտէսագրութիւնն էր հայուն նոր տագնապներուն։
Զահրատ խօսեցաւ ամէնուն անունով եւ ամէնուն հետ նոյնացած, անուղղակի խօսքին զօրութեան գիտակցութեամբ։ Ան շատ լաւ գիտեր, թէ բանաստեղծութիւնը չի սիրեր բացայայտութիւնը, կարենալ աւելի ազատ եւ անկաշկանդ շարժելու համար։ Պատկերներով, փոխաբերութիւններով, ակնարկութիւններով, նմանախօսութիւններով խօսելու իր պատրաստուածութիւնը կու գար նաեւ իր ապրած երկիրին գրական մթնոլորտէն։ Բայց, ամէնուն անունով եւ ամէնուն հետ նոյնացած Զահրատի բանաստեղծութիւնը, յստակօրէն թելադրուած էր մասնայատուկ կացութենէ մը։ Այդ , եղեռնէն ետք սփռուած հայուն նոր կացութիւնն էր՝ մեծ քաղաքներու ահ ու թոհին մէջ ապրելու կացութիւնը։
Իսկութեան մէջ ի յայտ կու գար հայրենասիրական նոր հայացք մը սփիւռքահայ գրականութեան մէջ, որ ձերբազատուած էր զառածանքէն՝ հայուն նուիրական նիւթերը հնչեղ եւ փայլուն խօսքերով լղրճելէն, իրողութիւնները չտեսնելու չափ կուրութենէն, նոր օրերու բացուած հեռանկարներուն դիմաց անցեալը շաղակրատելէն եւ աշխարհի երեսին իր ” մեծ ցաւը” պոռալու կամ լալու տենչանքէն։
Զահրատին հետ մտերիմ մը ըլլալով, մեր զրոյցներուն մէջ, Զահրատ խստօրէն կը հաւատար, թէ հայ գրականութեան ծառայելէն առաջ, պէտք է ծառայել գրականութեան եւ առանց արդի մարդուն տագնապը գիտնալու, անկարելի պիտի ըլլար հասնիլ հայ արդի մարդուն տագնապին։
Զահրատ եկաւ ճիշդ ժամանակին եւ մնաց միշտ լաւատես մեր իմացական եւ բարոյական արժէքներուն նկատմամբ, հակառակ մեր ունեցած վերիվայրումներուն, մեծ քաղաքներու մէջ։
Սրամտութիւններով, հնարքներով յագեցած բանաստեղծութիւն մը եւ ինքնատիպ բանաստեղծ մը, որ աշխարհի տիղմին մէջ մտնելէ ետք,փետուրի նման կրցաւ թեւածել ազատ եւ անկաշկանդ ։