ՓՈՒԹԻՆ ԵՒ ԱԼԻԵՒ ՔՆՆԱԾ ԵՆ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՐՑԸ
ՊԱՔՈՒ.- Ըստ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի՝ Արցախի մէջ պատերազմի աւարտէն ետք նոր կարելիութիւններու շարքին կարեւորագոյնը փոխադրամիջոցներն են, կը հաղորդէ ատրպէյճանական «Մինվալ» կայքը:
Թրքալեզու պետութիւններու համագործակցութեան խորհուրդի ոչ-պաշտօնական վեհաժողովին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ, Ալիեւ նաեւ տեղեկացուց, որ ներկայիս աշխոյժ աշխատանքներ կը տարուին Զանգեզուրի միջանցքին հարցով:
«Այժմ Զանգեզուրը պիտի խաղայ թրքական աշխարհը միաւորելու դեր: Որովհետեւ Զանգեզուրէն անցնող փոխադրամիջոցի, կապի, ենթակառոյցներու նախագիծերը պիտի միաւորեն ամբողջ թրքական աշխարհը, ինչպէս նաեւ կարելիութիւններ պիտի ստեղծեն այլ երկիրներու, ներառեալ Հայաստանի համար», ըսաւ Ալիեւ:
Ան ապարդիւն համարեց ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի աշխատանքը: «ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակը կը համանախագահեն աշխարհի յառաջատար երկիրները, հիւլէական տէրութիւններ եւ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն անդամներ: Անշուշտ, եթէ Հայաստանի վրայ լուրջ ճնշում գործադրուէր, եւ Ատրպէյճանի պահանջները նկատի ունենալով` պատժամիջոցներ կիրարկուէին, հարցը կարելի էր շատոնց լուծել խաղաղ ճամբով», պնդեց Ալիեւ:
Միւս կողմէ, Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդեց, թէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ալիեւ հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին քննարկեցին Արցախի իրավիճակը եւ արձանագրեցին, որ կացութիւնը ընդհանուր առմամբ կայուն է: