Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Զատուլին Կը Բացառէ Արցախի Վերադարձը Ազրպէյճանի Կազմ

December 20, 2017
in Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
Զատուլին Կը Բացառէ Արցախի Վերադարձը Ազրպէյճանի Կազմ

Ըստ «Արմէնփրէս»-ի, «Սփութնիք»-ի մէջ կազմակերպուած տեսակամուրջի մը ընթացքին Տումայի երեսփոխան Քոնսթանթին Զատուլին ըսած է, որ Ազրպէյճան չի կրնար ելլել այն փակուղիէն, որուն մէջ ինքզինք դրած է իր սեփական հռետորաբանութեամբ: Այդ երկիրը նման կերպով կ՛արգելափակէ Արցախի տագնապի խաղաղ լուծման հեռանկարը:

«Ես չեմ նախատեսեր, որ մօտակայ օրերուն լուրջ յառաջընթաց արձանագրուի Արցախի տագնապի լուծման հարցին մէջ: Կը կարծեմ, որ ատիկա երկարատեւ հոլովոյթ է: Ներկայիս գոյութիւն ունեցող տրամադրուածութեան, ներառեալ Ազրպէյճանի ղեկավարութեան մօտ առկայ տրամադրուածութեան պարագային, դժուար է նման բան ակնկալել», ընդգծեց Զատուլին: Ան նշեց, որ ինքն ու իր գործընկերները այս պահուս կ՛ակնկալեն, որ ապագային տագնապին մէջ նոր սուր պոռթկումներ ու ռազմական գործողութիւններ չվերսկսին, եւ արիւնահեղութիւն տեղի չունենայ: Անոր համոզումով` ատիկա ներկայիս ամէնէն կարեւոր դիրքորոշումն է, որ պէտք է պահել:

Անդրադառնալով Ռուսիոյ կողմէ Ազրպէյճանին զէնք վաճառելու փաստին` Ռուսիոյ խորհրդարանի անդամը ընդգծեց, որ ատիկա տեղի կ՛ունենայ այն պայմանով, որ տուեալ երկիրը զսպուածութիւն դրսեւորէ եւ զէնքը չօգտագործէ Արցախի տագնապի գօտիին մէջ: «Դժբախտաբար, այդ խոստումները Ազրպէյճանի կողմէ դրժուած են», հաստատեց Զատուլին: Ան աւելցուց, որ Հայաստանին զինամթերք մատակարարելով ` ռուսական կողմը որոշ չափով սրբագրած է թերութիւնը` պահպանելով հաւասարակշռութիւնը շրջանին մէջ:

Անոր համաձայն, ներկայիս ամէնէն կարեւորը հաւասարակշռութեան պահպանումն է, որպէսզի կողմերէն իւրաքանչիւրը գիտնայ, որ եթէ ձեռնարկէ յարձակումի, ապա ստիպուած է պատասխանատուութիւն կրելու:

«Ես Արցախը կը դիտեմ իբրեւ ինքնորոշուած տարածք, եւ հակում չունիմ մտածելու, որ անիկա որեւէ ատեն, որեւէ հանգամանքի պայմաններուն մէջ մաս կազմէ Ազրպէյճանի: Ատիկա, ըստ իս, դէպքերու զարգացման բացարձակ անկարելի տարբերակ է», նշեց երեսփոխանը:

Անդրադառնալով ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուող հռետորաբանութեան` Զատուլին ընդգծեց, որ անոնց մէջ շատ յաճախ հնչող վիրաւորանքներն ու ծայրայեղ գնահատականները որեւէ կերպով չեն կրնար օգնել կողմերուն:

«Ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու հռետորաբանութիւնը փոխանակ օգնելու` շատ աւելի կը թուլցնէ Ազրպէյճանի հեղինակութիւնը յաչս դուրսի աշխարհին: Ինչպէ՞ս կրնայ երկրին օգնել այն յայտնի փաստը, երբ Հունգարիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի ռազմափորձերու շրջանակին մէջ հայ գործընկերը կացինահարած ազրպէյճանցի սպան դարձուցին ազգային հերոս, ազատ արձակեցին եւ բարձրացուցին պաշտօնը: Նման մօտեցումի պարագային, ի՞նչ փոխըմբռնում կարելի է ակնկալել հայկական կողմէն», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով ռուսական կողմի գործողութիւններուն` Զատուլին նշեց, որ Ռուսիա չի դադրիր Արցախի տագնապի նիւթով երկկողմանի եւ բազմակողմանի հանդիպումներ կազակերպելէ: «Այն, ինչ որ մենք այսօր կրնանք ընել, երկու կողմերը զինուորական գործողութիւններու վերսկսումէն հեռու պահելն է», ընդգծեց երեսփոխանը:

Previous Post

Duterte recalls drug addicts used to rape ‘beautiful women,’ now degraded to targeting toddlers

Next Post

Pakistan considers dumping dollar for yuan in trade with China

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.