Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեան շաբաթ կէսօրին այցելեց «Ազդակ»-ի խմբագրատուն եւ տեսակցեցաւ տնօրէնութեան հետ:
Հանդիպումը առիթ էր խորհրդակցելու ընկերակցութեան կառոյցին եւ տարած աշխատանքներուն մասին` Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն եւ միջինարեւելեան երկիրներուն մէջ:
Նշենք, որ ընկերակցութիւնը կ՛իրականացնէ բազմաոլորտ գործառոյթներ` հոգեւոր, կրթական, դաստիարակչական, բնակեցման եւ բարեսիրական: Այս ուղղութիւնները կը վերաիմաստաւորուին յատկապէս արցախեան պատերազմի եւ միջինարեւելեան երկիրներու ապրած սուր տագնապներուն ստեղծած իրավիճակները նկատի ունենալով:
Նշենք, որ Զաւէն Խանճեան ղեկավարած էր Միացեալ Նահանգներու մէջ կազմուած սուրիահայութեան օժանդակութեան միացեալ մարմինը, որ հսկայածաւալ օժանդակութիւն ապահոված էր պատերազմական իրավիճակին մէջ գտնուող սուրիահայ համայնքին:
Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան վերջին շրջանի գործունէութեան մասին Զաւէն Խանճեան հարցազրոյց տուաւ մեր պաշտօնակից «Վանայ Ձայն»-ին: Հարցազրոյցի խմբագրուած տարբերակը լոյս կը տեսնէ «Ազդակ»-ի էջերուն մէջ, յառաջիկային: