ԱՐԱ ՍԱՆՃԵԱՆ
Հայաստանի մէջ այս օրերուն ընթացող քննարկումին վերաբերեալ թէ ինչքա՛ն պէտք է ըլլան Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան առթիւ ոչ-աշխատանքային, արձակուրդի օրերը, աւելցնեմ նաեւ հետեւեալ տեսանկիւնը, որ նոյնպէս պէտք է հաշուի առնուի՝ ի շարս այլ հանգամանքներու։
Սովորաբար Հայաստան կ’այցելեմ ամրան ամիսներուն։ Բացառութիւն էր 2017-18-ի նոր տարին։ Առաջին անգամ է, որ Հայաստանի մէջ կը դիմաւորէի նոր տարին՝ Երեւանի մէջ ուսանողական տարիներէս ի վեր, որոնցմէ վերջինը 1990-91 տարեշրջանը եղած էր։
Ամէն անգամ, որ 2-3 շաբաթով Հայաստան ըլլամ, ջանք կը թափեմ ժամանակ գտնել եւ այցելել առնուազն 2-3 փոքր թանգարան։ 2017-18-ի նոր տարուան այցելութեանս օրերուն, ատիկա չկարողացայ իրականացնել։ Բոլոր թանգարանները, որ փորձեցի այցելել, փակ էին՝ նոյնիսկ արձակուրդի պաշտօնական օրերուն նախորդող (այսպէս կոչուած՝ «նախատօնական») օրը։
Եթէ պէտք է անխախտ պահել պաշտօնեաներուն իրաւունքը հանդիսացող արձակուրդներու տարեկան օրաքանակը, այժմ զեղչուելիք օրերը կարելի է՝ թանգարաններու եւ զբօսաշրջիկները հետաքրքրող մշակութային այլ կեդրոններու պարագային, աւելցնել պաշտօնեաներուն հասնող տարեկան արձակուրդի օրերուն։ Այդպիսով, մշակութային այդ կեդրոնները բաց կը մնան Նոր Տարուան շրջանին ու կրնան փոքր չափով խթանել զբօսաշրջային եռուզեռը։