Յարգելի՛ հայրենակիցներ,
Կ՛ուզենք ձեզ զգուշացնել, որ երկրին մէջ տիրող ընկերատնտեսական ծանր տագնապը շահագործելով, բարեսիրական կեղծ հաստատութիւններու եւ կառոյցներու անուան տակ անհատներ հեռաձայնային կապ կը հաստատեն քաղաքացիերուն հետ, երբեմն ալ ներկայացնելով կեղծ արտօնագիրներ, կը բացատրեն իրենց շինծու ծրագիրը եւ կը խնդրեն ենթականերէն զօրավիգ կանգնին իրենց աշխատանքին: Շատ յաճախ կը փորձեն նաեւ ենթականերու զգացումներուն հետ խաղալ եւ չեն վարանիր նաեւ յայտնելու, որ հիւանդի մը փրկութիւնը կախեալ է անոնց կատարելիք օժանդակութենէն: Ապահովական մարմիններ աչալուրջ կերպով կը հետապնդեն այսպիսի աւազակախումբերու շողոքորթութիւնները:
Կոչ կ՛ուղղենք մեր համայնքի զաւակներուն` մնալու զգաստ եւ այսպիսի պարագաներու կապ հաստատելու մեր կառոյցներուն հետ` ստուգելու համար այդ կազմակերպութիւններու վաւերականութիւնը: Երբե՛ք պիտի չուզենք, մանաւանդ տնտեսական այս դժուար հանգրուանին, որ մեր հայորդիները իյնան այսպիսի շողոքորթներու ծուղակը: Զգօնութիւնը եւ արթնամտութիւնը խիստ անհրաժեշտ են այս պարագային եւս:
«ՔՈՐՈՆԱ»-Ի ՃԳՆԱԺԱՄԱՅԻՆ ՇՏԱՊ