Ինքնութեան Զգացումի Ամրապնդումն
Ու Հպարտ Հայու Տիպարի Կերտումը
ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
Առաջին հարցումը, որ ինքզինք կը պարտադրէ սփիւռքի վերակազմակերպման նիւթով` ի՞նչ սփիւռքի մասին է խօսքը.
ա) Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հոգեւոր հովանիին ներքեւ գտնուող սփի՞ւռք,
բ) Յարաբերաբար հայահոծ գաղութնե՞ր, ինչպէս` Լիբանան, Իրան, Սուրիա, Քալիֆորնիա, Քանատա, Մարսէյ,
գ) Մեր ուժի եւ կարողութեան հասանելի գաղութնե՞ր,
դ) Այս բոլորը, առաւել` ժամանակ առ ժամանակ կազմաւորուող գաղութներ` Սպանիա, Հոլանտա, Շուէտ, եւ առաւել` նախկին խորհրդային երկիրներու հայութիւն:
Եւ դեռ, սփիւռք մը, որ աշխարհով մէկ տարածուած է` Ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք ու Միջին Արեւելքի մէջ կազմուած գաղութներուն զանազան փուլերու եւ Իրանէն դէպի արեւմուտք արտագաղթած, Պուլկարիայէն, Ռումանիայէն 60-70-ականներուն արտագաղթած, խորհրդային կամ անկախ Հայաստանէն արտագաղթած եւ արտագաղթող զանգուածներ, որոնց միակ հասարակ յայտարարը հայու պատկանելիութիւնն է եւ Հայ եկեղեցւոյ զաւակներ ըլլալու հանգամանքը: Այլապէս, այլամերժ, յաճախ իրերամերժ, շատ աւելի դիւրին տեղական պայմաններուն համարկուող բայց ոչ իրարու յարմարուող հաւաքականութիւններ:
Երկրորդ հարցումը` ինչո՞ւ անհրաժեշտ է վերակազմակերպել սփիւռքը: Աւելի ճիշդ` անհրաժե՞շտ է վերակազմակերպել սփիւռքը: Անցեալին կարգախօս դարձած «սփիւռքը կը կառուցենք քանդելու համար»` այսօր այնքան ալ փորձութեան չի դիմանար, որովհետեւ սփիւռքի հայութեան թուաքանակը կ՛աւելնայ, ու անտրամաբանական է, որ սփիւռքը կը քանդուի, որովհետեւ սփիւռքահայութիւնը պիտի վերադառնայ Հայաստան: Հետեւաբար, սփիւռքը կը մնայ ու պիտի մնայ այնքան ատեն, որ հաւաքական ճիգով կ՛աշխատինք պահել զայն երեք նպատակներու համար.
ա) Հայութեան եւ հայկականութեան պահպանման համար,
բ) Հայաստանի եւ Արցախի զօրակցման եւ պահպանման համար,
գ) Հայ դատի, իմա՛ ցեղասպանութեան ճանաչման, հողերու վերադարձի եւ իրաւունքներու հատուցման ընդհանրական պայքարին համար:
Երրորդ հարցումը, երբ կը խօսինք վերակազմակերպման մասին, արդեօ՞ք կարելի է սփիւռքեան բոլոր գաղութներուն համար պատրաստել միատեսակ ու մէկ դեղագիր` բոլորին համար կատարելով նոյնօրինակ ախտաճանաչումներ եւ առաջադրելով նոյնօրինակ լուծումներ:
Քննական մտածողութիւնը վերոյիշեալ հարցումներուն դժուար թէ կարենայ տալ դրական եւ լաւատես պատասխաններ: Թերեւս նաեւ յուսահատեցնող պատասխաններ տայ ան: Բայց մենք չենք դադրիր ձգտում եւ երազ ունենալէ ու, իրատես ըլլալով հանդերձ, շարունակենք պայքարիլ դժուար իրականանալի թիրախներու ի խնդիր:
«Սփիւռքը կը մաշի», կ՛ըսէ վեհափառ հայրապետը: Իրատեսութիւն է այս մէկը վստահաբար: Ու միաժամանակ սրտի խորքէն եկող հրաւէր- հրահանգ` ըսելով. «Դադրեցուցէ՛ք սփիւռքի մաշումը, դադրեցնենք հաւաքաբար սփիւռքի մաշումը»:
Առաջին հերթին, մենք պարտաւոր ենք սփիւռք նկատել հո՛ն, ուր հայ կայ: Հայաստանէն ու Արցախէն դուրս` ամէն տեղ: Հայրենիք ըլլալով հանդերձ, նաեւ` գրաւեալ Հայաստան եւ Թուրքիոյ մէջ ապրող հայութիւն: Կարողութիւնն ու կարելիութիւնը ունի՞նք հասնելու ամէն տեղ. կարողութենէն անդին` կամքն է հիմնականը:
Երկրորդ` տեսնենք նոր հայու տիպարը: Ո՞վ կրնայ այսօր բնորոշել, թէ ո՞վ է հայը եւ ո՞ր հայու մասին կը խօսինք: Ա՞ն, որ հայերէն կը խօսի, խառն ամուսնութիւն չի կնքեր, իր զաւակը հայկական վարժարան կը ղրկէ, փարած է հայկական աւանդութեանց, հաւատացեալ քրիստոնեայ է, միութենական է ու կը ծառայէ, թէ՞ ան, որ այս բոլորը չէ, բայց Հայաստանի անկախացումէն ետք տեւաբար Հայաստան կ՛այցելէ, կամ պարբերաբար եկեղեցւոյ կամ միութեան նուիրատուութիւն կը կատարէ, եւ դեռ` ապրիլ 24-ին ցոյցի կը մասնակցի, կամ իսլամացուած հայ է եւ կ՛ուզէ վերադառնալ հայութեան` պահելով իր իսլամ կրօնը:
Սփիւռքի վերակազմակերպումը անհրաժեշտ է հայութեան եւ Հայաստանի գոյատեւման համար: Եւ այդ վերակազմակերպման հասանելիութիւնը պէտք է ըլլայ ընդարձակ:
Հիմնականը ինքնութեան զգացումի ամրապնդումն է:
Ապա` հպարտ հայու տիպարի կերտումը: Հպարտ հայ` իբրեւ քաղաքացի եւ հայութեամբ ու հայկական արժէքներով հպարտացող հայ:
Ու անհրաժեշտ է գիտնալ առաջնահերթութեանց ճշդումը:
Մենք երէկ անդրադարձանք` քրիստոնէական կրթութեան, հայեցի դաստիարակութեան եւ երիտասարդութեան: Հիմնաքարերը` սփիւռքի վերակազմակերպման:
Ու առաջնահերթը հայ մարդու տիպարի կերտումն է: Քարէն անդին` մարդը կառուցելու առաջնահերթութիւնը ունինք այսօր: Կ՛ըսէիք, որ կեանքի զարգացումով բազում հարցեր քննութեան կը կարօտին այլեւս եւ պատասխաններու կը սպասեն (միասեռականութիւն, վիժում, gender եւ այլն): Հիմնականը հոս եւս հայ մարդու եւ հայկական արժէքներու կերտումն է:
Սփիւռքի վերակազմակերպման հսկայական աշխատանքին դիմաց հետեւեալ համեստ առաջարկները կարելի է նկատի ունենալ.
ա.- Հասնիլ այն շրջաններուն, որոնք օտարացման անմիջական վտանգը կը դիմագրաւեն:
բ.- Չձեռնարկել այնպիսի կառոյցներու հաստատման, որոնք յաւելեալ ուժ եւ նիւթական կը վատնեն եւ պիտի չկարենան պահպանուիլ հայութեան կողմէ: Ցեղասպանութեան 100-ամեակին քաղաք չմնաց, որ խաչքար չունեցաւ: Վստահ չենք, թէ 101 եւ 102-րդ տարելիցներուն քանի՛ հայեր յիշեցին կամ ծաղկեպսակ դրին այս խաչքարերուն դիմաց:
գ.- Անպայմանօրէն չվազել զանգուածներ ներգրաւող նախաձեռնութեանց ետեւէն: Զանգուածները ներուժը կրնան ունենալ ինքնութեան պահպանման, անհրաժեշտ է փոքրաթիւ շրջանները եւ փոքր թիրախներ ուշադրութեան առարկայ դարձնել:
դ.- Փորձել ու` առանց յուսահատելու փորձել, որ սփիւռքի վերակազմակերպման ու հպարտ հայ մարդու կերտումի աշխատանքին մէջ նուազագոյնի իջնեն անտեղի, ձեւակերպութիւններու մէջ խեղդուող մրցակցութիւնները: Ո՞վ ո՛ւր կրնայ գործել ու հասնիլ, օգուտ է: Երբ հայը հայ կը մնայ, ամբողջ հայութիւնը կ՛օգտուի:
ե.- Թիրախային ծրագիրներու մշակում եւ ներկայացում: Ծրագիրներ, որոնք նիւթականի կը կարօտին, սակայն այդ նիւթականը մուրացկանութեամբ չէ, որ պիտի ապահովուի: Հայ մարդը պարտի գիտնալ, որ նման ծրագիրներու մասնակցութիւնը իր անձին ու ընտանիքին ուժին կը նպաստէ ու երկար ժամանակի վրայ ինք եւս օգուտ կը քաղէ:
զ.- Հակառակ ներկայ ժամանակաշրջանի քարոզչական ցուցադրամոլական, ծանուցողական պատկերին` փորձել նուազագոյնի իջեցնել նմանօրինակ սահանքներ ու լրջութեամբ, հետեւողականութեամբ աշխատիլ` քաջ գիտնալով, որ աշխատանքը ինքզինք կը ծանուցէ, իսկ աժան ծանուցումը արդէն կը քանդէ: Միշտ չէ, որ աշխատանքը գիտաժողով, համագումար կամ երկարապատում հանդիպումներով կը յաջողի:
է.- Կարելի է երկարել ցանկը վերակազմակերպման աշխատանքին` դպրոց, եկեղեցի, ակումբ, մարզադաշտ, թատրոն, պարախումբ, դասախօսութիւններ, հրատարակութիւններ, ընկերային ցանցեր եւ այլն, եւ այլն, ու այս բոլորին մէջ` երիտասարդութեան ներքաշում, պատասխանատուութեանց վստահում, իրենց խօսքը գործի վերածելու սպասում (թերեւս սկսինք Կեդրոնական վարչութեան մէջ 30 տարեկան երիտասարդներու ընտրութեամբ):
Կրնա՞նք:
Եթէ կամքը կերտենք, կը վերակազմակերպուի սփիւռքը:
Հայութեան, Հայաստանի եւ Արցախի համար:
Անթիլիաս, 7 դեկտեմբեր 2017
———————————
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ, նիստ մը յատկացուած էր սփիւռքի վերակազմակերպման, հայկական ինքնութեան ամրապնդման եւ սփիւռք-Հայաստան գործակցութեան:
Այս նիստին ընթացքին զեկուցումով հանդէս եկաւ Յակոբ Բագրատունի (Լիբանանէն)։