ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա», «Հիւրրիյէթ».- Կը թուի, թէ Մերալ Աքշեների հիմնած «Լաւ» կուսակցութիւնը սկսած է անհանգստացնելու քաղաքական շրջանակները։ Արդարեւ, 6 Մայիսի գիշերը, անծանօթներ դաշոյններով ու ատրճանակներով յարձակում մը գործած են կուսակցութեան Պոլսոյ Պաղճըլար շրջանի ընտրական կեդրոնին վրայ՝ վիրաւորելով 8 հոգի, որոնցմէ մէկուն վիճակը ծանր է։ Կուսակցութեան ներկայացուցիչները խստօրէն դատապարտեցին այս յարձակումը՝ անոր պատասխանատու համարելով ազգայնամոլներու Ազգայնական ճակատ կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելին։
Իր կարգին, Ազգայնական ճակատէն անջատուելով այս նոր կուսակցութիւնը հիմնած Աքշեներ յայտնեց, թէ այսպիսի բռնարարքներ չեն վախցներ զիրենք։ Աւելի ուշ, ոստիկանութիւնը 8 կասկածելիներ ձերբակալեց: