Զուիցերիոյ Նոշատել քաղաքին մէջ հայ երիտասարդներու նախաձեռնութեամբ փետրուար 10-ին տեղի պիտի ունենայ հոգեւոր եւ կրթամշակութային կեդրոնի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Հայերն այսօր»-ը, կեդրոնին նպատակը հոգեւոր արժէքներու, հայոց լեզուի եւ գրականութեան, հայ ժողովուրդի պատմութեան, հայ աւանդական պարերու, երգ-երաժշտութեան ուսուցման, պահպանման ու տարածման միջոցով տեղի հայ զաւակներուն հայեցի կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն տալն է, հայապահպանութիւնը, ինչպէս նաեւ Զուիցերիոյ հայկական համայնքի տարածաշրջանի անդամներուն համախմբելը: Կը նախատեսուի նաեւ ամսուան մէջ մէկ-երկու անգամ Սբ. Պատարագի մատուցում` կեդրոնի սրահին կից գտնուող վարձակալած եկեղեցիին մէջ:
Կեդրոնի բազմաժանր ծրագիրներու ծիրէն ներս առաջինը հայ աւանդական պարերու ուսուցումն ու պարային խումբի կազմաւորումն է, որ պիտի իրականացնէ պարուսոյց, «Շաւիղ» նախաձեռնութեան հիմնադիր-անդամ Յովան Դաշտոյեան:
Ձեռնարկին հրաւիրուած են Զուիցերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդական տեղապահ Տէր Գուսան վարդապետ Ալճանեան, Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան ներկայացուցիչներ եւ այլ հիւրեր:
Աւարտին տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն, պար եւ երաժշտութիւն: