Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Աննա Նաղդալեան դիմատետրի իր էջին մէջ գրառումով մը իրազեկեց, թէ արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան ներկայացուցած է հրաժարականը:
Մնացականեանի հրաժարականը յայտարարելէ առնուազն ժամ մը ետք, երեսփոխաններուն հետ Ազգային ժողովին մէջ հանդիպումի ընթացքին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, յայտարարեց, թէ Զօհրապ Մնացականեանը պաշտօնէն հեռացնելու որոշում կայացուցած է: