ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Հայ ժողովուրդը քան մը օր առաջ հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ ոգեկոչեց ազգային հերոս զօրավար Անդրանիկի (Անդրանիկ Թորոսի Օզանեան) մահուան տարելիցը: Ազգային ազատագրական պայքարի սիրուած գործիչը ծնած է 1865-ին, Շապին Գարահիսար: Նախնական ուսումը ստացած է ծննդավայրի Մուշեղեան վարժարանը: Պատենական տարիներուն աշխատած է իբրեւ զինագործ,ապա մեկնած է Ռումանիա: Պոլիս վերադառնալէ ետք, հօրը մօտ աշխատած է իբրեւ ատաղձագործ: Կանուխ տարիքէն զինուորագրուած է հայթուկային շարժումին, նախ իբրեւ սովորական հայթուկ,ապա՝ տասնապետ, խմբապետ: Զէնք փոխադրելու եւ ազատագրական պայքարի ուժերը համախմբելու մտահոգութեամբ այցելած է Սեւաստափոլ, Եալթա, Պաթում, Թիֆլիս, Կարս, Ալեքսանտրապոլ, Էջմիածին, Երեւան, Նախիջեւան, Թաւրիզ, Սալմաստ: Համագործակցած է ազատագրական պայքարի բազմաթիւ գործիչներու հետ: Այդ միջոցին կը լուծէ Սերոբ Աղբիւրի սպանութեան վրէժը, սպաննելով Պշարէ Խալիլը: Անդրանիկ, Վասպուրականի եւ Սասունի մէջ գործող հայթուկային խումբերով մասնակցած է թուրք կանոնաւոր զօրքերու եւ քիւրտ հրոսակախումբերու դէմ բազմաթիւ կռիւներու : Այդ միջոցին ցուցաբերած է անձնական խիզախութին, եւ ռամավարական հմտութիւն: Անդրանիկին մեծ համբաւ բերաւ Առաքելոց վանքի կռիւը (1901), Աղթամարի կռիւը (1904), որոնց անդրադառնալով եւրոպական եւ ռուսական մամուլը նշած են թրքական գերակշիռ զօրքերու դէմ Անդրանիկի մղած մարտերուն մասին: 1904-ին, Անդրանիկ կը մեկնի Իրան, Պաքու,Թիֆլիս հանդիպելու հայ հասարակական, քաղաքական շրջանակներու հետ, ապա հաստատուած Ժընեւ: Այստեղ, կը հրատարակէ հայթուկային կռիւի իր հաւատամքը խորհրդանշող՝ « Մարտական Հրահանգներ» (1906) գիրքը: 1907-ին կը տեղափոխուի Պուլկարիա:
Անդրանիկ շատ ուշադիր հետեւած է հայ ժողովուրդի ազգային ազատագրական պայքարի զարգացման հանգրուաններուն, մօտէն շփուած է հայ քաղաքական կուսակցութիւններու հետ, սակայն նախընտրած է պահպանել ինքնուրոյնութիւն: Դատապարտած է Երիտ. Թուրքերու հետ համագործակցութիւնը, զայն նկատելով հայ ժողովուրդին համար կործանարար հետեւանքներով սիրաբանութիւն:
Անդրանիկ, Պալքանեան առաջին պատերազմի ընթացքին եռանդագին մասնակցած է հայկական կամաւոր վաշտի ձեւաւորմանը: Մասնակցած է թուրք զօրքերու դէմ ճակատումներուն: Պուլկարիա աննկատ չէ մնացած ազգային հերոսին ցուցաբերած խիզախութեան հանդէպ, զայն պարգեւելով Գէորգեան շքանշանով:
Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակաշրջանին Անդրանիկ մեկնած է Թիֆլիս: Նշանակուած է հայկական կամաւոր առաջին ջոկատի հրամանատար: Այս ջոկատը մաս կազմեց կովկասեան ռազաճակատի ռուսական բանակին եւ աչքի ինկաւ Վանի, Պիթլիսի, Մուշի գրաւման, Դիլմանի ճակատամարտներուն իր հերոսական սխրագործութիւններով:
Անդրանիկ վրդոված հայ կամաւորական ջոկատներու նկատմամբ ռուսական հրամանատարութեան անվստահութենէն ներկայացուց իր հրաժարականը եւ հեռացաւ ռազմաճակատէն (1916): Այս միջոցին, ան մեծ աշխատանք ծաւալեց հայ գաղթականներուն բազմակողմանի օգնութիւն կազմակերպելու աշխատանքներուն: Անդրանիկ մասնակցեցաւ Արեւմտահայերու առաջին համագումարին (1917) եւ նախաձեռնեց «Հայաստան» թերթի հրատարակումին:
1918 յունուարին, Էրզրումի ամրացուած շրջանը թրքական յարձակումներէն պաշտպանելու նպատակով, Անդրանիկ նշանակուեցաւ ձեւաւորուած Հայկական բանակային երկրապահներու միաւորի հրամանատար: Այս միջոցին, կովկասեան ռազմաճակատի հրամանատարութիւնը Անդրանիկին շնորհեց Զօրավարի կոչում: Կովկասեան ռազմաճակատի փլուզման, ռուսական բանակի հեռացումին,թուրք գերակշիռ զօրքերու յարձակումներուն տակ,Անդրանիկի զօրասիւնը ստիպուած էր նահանջելու դէպի Կարս- Ալեքսանտրապոլ ուղղութեամբ,որպէսզի արգիլէր թրքական բանակին թափանցումը Երեւան: Յունիսին, հայկական զօրասիւնները նահանջեցին դէպի Դիլիջան, Սեւան, Սելիմի Լեռնանցքով դէպի Ջուլֆա, որպէսզի օգնութեան ձեռք մեկնէր Վանի հայ բնակչութեան եւ Իրանի մէջ կուտակուած հայ գաղթականներուն: Սակայն հանդիպելով թրքական զօրքերու արգելքին, Անդրանիկ վերադարձաւ Նախիջեւան՝ զայն յայտարարելով Խորհրդային Ռուսիոյ անբաժան մաս: Անդրանիկ նամակ մը յղեց Պաքուի Կոմունայի ղեկավար Ստեփան Շահումեանին, յայտնելով թէ իր ջոկատը կը դնէր Խորհրդային Ռուսիոյ կառավարութեան տրամադրութեան տակ:
Այս ծանր կացութեան մէջ Անդրանիկ անցաւ Գորիս, ապա՝ Սիսիան, ուր տեղաւորեց իր զօրքերը եւ հայ գաղթականները: 1918-ին, իր ջոկատին հետ անցաւ Ղարաբաղ՝ թուրքերէն ե մուսավաթներէն զայն պաշտպաննելու նպատակով:Սակայն Կովկասի մէջ անգլիական հրամանատարութիւնը արգիլեց Անդրանիկի մուտքը Ղարաբաղ, փոխարէնը խոստացաւ խաղաղ ճանապարհով լուծել ծայր առած հայ-ազերիական-թրքական հակամարտութիւնը:
Յուսախաբուելով Դաշնակիցներու երկդիմի քաղաքականութենէն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ տարակարծութիւններ ունենալով, Անդրանիկ իր զօրամասը փոխադրեց Էջմիածին: Լուծուած յայտարարեց իր բանակը, իր սեփական սուրը յանձնեց ամենայն հայոց կաթողիկոսին եւ մեկնեցաւ արտասահման: Անգլիոյ,Ֆրանսայի մէջ ծրագիրներ մշակեց Կիլիկիոյ հայերը պայքարի հանելու համար: 1922-ին փոխադրուեցաւ Միացեալ Նահանգներ: Զօրավար Անդրանիկ իր բոլոր հրապարակային ելոյթներուն ընթացքին միասնականութեան կոչ կ’ուղղէր հայ ժողովուրդին: Մանրուքներէ բարձր մնալու եւ միաւորուելու կոչ կ’ուղղէր մեր ժողովուրդի զաւակներուն:
Հայ ժողովուրդի հերոսը մահացաւ 31 օգոստոս 1927-ին, Ֆրեզնոյի մէջ: Անոր մարմինը ամփոփուեցաւ Փէր Լաշէզի գերեզմանատան մէջ: 2000-ին, ազգային հերոսին աճիւնը փոխադրուեցաւ Հայաստան եւ ամփոփուեցաւ Եռաբլուրի մէջ:
Մեր ժողովուրդի պատմութիւնը հարուստ է հերոսական դէմքերով եւ իրադարձութիւններով: Զօրավար Անդրանիկ այն եզակիներէն է, որուն անունը պարտաւոր է ճանչնալ իւրաքանչիւր հայ եւ մկրտուիլ անոր հայրենասիրութեան, խիզախութեան եւ բոլորանուէր գործունէութենէն: