Լիբանանեան բանակի նշանաւոր զօրավար Արամ Սիւլիւքճեանի ծննդեան հարիւրամեակին առթով Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնը 25 յունիսին կազմակերպեց դասախօսութիւն մը` մոռացութենէ դուրս բերելու այս մեծ հայուն վաստակը` լիբանանեան հայրենիքին:
Բացման խօսքին մէջ կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանը բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն եւ ընդգծեց, որ այս դասախօսութիւնը եւ նիւթը կարեւոր յաւելում մըն են Լիբանանի հայօճախի սկզբնական տարիներու թերի ներկայացուած պատմութեան վրայ:
Լիբանանեան բանակի առաջին հայ զօրավար Արամ Սիւլիւքճեանի որդին իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայկազեան համալսարանին` այս առիթին համար, նշելով, որ իր հօր բանակային ասպարէզին ուսումնասիրութեան լծուած է 2019-ի սկիզբը եւ յառաջիկայ նոյեմբերին պիտի հրատարակէ անոր գործունէութեան նուիրուած հատորը:
Վազգէն Սիւլիւքճեան կատարեց ամփոփ համապատումը զօրավարին կենսագործունէութեան: Զօրավարը ծնած էր Ատանա, 1919-ին, Պէյրութ բերուած` հօրեղբօր կողմէ 1924-ին, աւարտած` Հոմսի զինուորական ակադեմիան եւ ընդգրկուած` զինուորական ասպարէզ:
Զօրավարը եղած էր այն բանակայինը, որ գլխաւորելով իր գումարտակը, մեկնած էր Ռաշայա բերդը` պաշտօնապէս դիմաւորելու համար արգելափակումէ ազատ արձակուած Լիբանանի անկախութեան հայրերը` Պշարա Խուրի եւ միւսները: Ի՛նք էր, որ առաջին անգամ բարձրացուցած էր անկախ Լիբանանի դրօշակը:
Բանախօսը հաստատեց, որ զօրավարը կը գլխաւորէր լիբանանեան բանակի այն գումարտակը, որ 1948-ի Պաղեստինի երկատման պատերազմին հիւսիսային Պաղեստինի մէջ գրաւած էր Մալիքիյա բարձունքը: Ասիկա միակ գրաւումն էր, զոր կրցած էին իրականացնել արաբական ներխուժող բանակները… 1959-1965 զօրավարը կարգուած էր Ռայաքի զինուորական օդակայանի պատասխանատու եւ այդ թուականներուն իրագործած էր օդակայանին ընդարձակումը եւ վազքուղիին երկարումը մինչեւ 3000 մեթրի` կատարելով ակնկալուածէն շատ աւելի արդիւնաւէտ գործ եւ մնալով տրամադրուած նիւթավարկին սահմաններուն մէջ…
Աւելի ետք զօրավարը լծուած էր բանակին բարեկարգման ծրագիրի մշակումին ու տքնաջան հետազօտութիւններէ եւ աշխատանքէ ետք պատրաստած էր ծաւալուն թղթածրար մը այդ մասին: Դժբախտաբար թղթածրարը երկու տարի պաշտպանութեան նախարարութեան գզրոցներուն մէջ մնալէ ետք ներկայացուած էր խորհրդարան իբրեւ… նախարարին ծրագիրը, առանց դոյզն յիշատակութեան անոր բուն հեղինակին…
Ներկայացուեցաւ նաեւ զօրավարին նկարագիրը` իբրեւ ուղղամիտ, աշխատասէր, պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ, ազնիւ եւ ընկերային ու համեստ անհատականութիւն: