Սլովաքիոյ Վիսոքէ Տատրի քաղաքին մէջ, ԵԱՀԿ-ի ոչ պաշտօնական նախարարական հանդիպման ծիրէն ներս, Երկուշաբթի 8 Յուլիսին, տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ԱԳ նախարարներու հանդիպումը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են հայ-ռուսական օրակարգը՝ տարբեր հարթակներու վրայ համագործակցութեան առնչուող շարք մը հարցեր:
Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները մտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային հրատապ խնդիրներու շուրջ:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ եղած է նաեւ ղարաբաղեան հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին: