ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային հերոս Էդուարդօ Էրնեկեան 250 հազար տոլարի օգնութիւն պիտի տրամադրէ Հայաստանի կառավարութեան` «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարին համար: Այս մասին յայտնեց «Զուարթնոց« օդակայանի հանրային կապերու պատասխանատու Սաթենիկ Յովհաննիսեան: