Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Էդուարդ Նալբանդեան Կը Հանդիպի Մինսկի Խումբի Համանախագահներուն Հետ

February 9, 2018
in Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
Էդուարդ Նալբանդեան Կը Հանդիպի Մինսկի Խումբի Համանախագահներուն Հետ

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Հինգշաբթի, 8 Փետրուարին, իր գրասենեակին մէջ հանդիպեցաւ տարածաշրջանային իրենց այցելութեան ծիրին մէջ Երեւան ժամանած ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Իգոր Փոփովի, Ստեֆան Վիսքոնթիի, Էնտրիւ Շոֆըրի եւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Գասփըրչիքի հետ:

Համանախագահները նախարարին տեղեկացուցին Պաքուի մէջ իրենց ունեցած հանդիպումներուն մասին:

Նախարար Նալբանդեան համանախագահներուն հետ քննարկեց Յունուարին Քրաքովի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակի կարողութիւններու ընդլայնման վերաբերեալ ձեռք բերուած սկզբունքային համաձայնութեան հետ կապուած հարցեր:

Նախարար Նալբանդեան եռանախագահներուն յայտնեց, որ ի տարբերութիւն համանախագահներուն ու Հայաստանի, Պաքու ցարդ որեւէ յայտարարութիւն չէ կատարած այդ համաձայնութեան վերաբերեալ:

«Տարօրինակ յիշողութիւն ունեն Բաքւում. խճճուելով իրենց իսկ յօրինած կեղծիքների սարդոստայնում՝ մոռացութեան են տալիս մէկ ամիս եւ դրանից առաջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները, որոնց մասին բազմիցս յայտարարել են համանախագահները, բայց միեւնոյն ժամանակ գլխիվայր մեկնաբանութիւններով վերյիշում են քսանհինգ տարուայ վաղեմութեան այն փաստաթղթերը, որոնց եռանախագահները յայտնի պատճառներով նոյնիսկ յղում չեն անում», ըսաւ Նալբանդեան:

Նախարարը ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն ներկայացնելով Չորեքշաբթի, 7 Փետրուարին, սահմանին վրայ ատրպէյճանական բանակին կողմէ զինադադարի կոպտագոյն խախտման հետեւանքով հայ զինուորին սպանութեան լուրը՝ ընդգծեց, որ Պաքուն սադրիչ գործողութիւններ կը ձեռնարկէ նոյնիսիկ եռանախագահներուն տարաշրջան գտնուելու ժամանակամիջոցին եւ այդ սադրիչ վարքագիծով իսկ ցոյց տալով իր արհամարհանքը համանախագահ երկիրներուն նկատմամբ:

Անդրադառնալով Պաքուէն հնչող մեկնաբանութիւններուն, ըստ որոնց՝ իբրեւ թէ Ատրպէյճան հետաքրքրուած է ղարաբաղեան հիմնահարցի շուտափոյթ կարգաւորումով՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը հաստատեց, որ անհրաժեշտ է խօսքերը ամրապնդել գործերով, իրականացնել Վիեննայի, Ս. Փեթերսպուրկի եւ Ժընեւի գագաթնաժողովներուն ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, զանոնք ընդունիլ իբրեւ բանակցութիւններու հիմք՝ հիմնահարցի կարգաւորման վերաբերեալ համանախագահներու առաջարկութիւնները եւ յառաջ շարժիլ անոնց հիման վրայ:

Նշենք, որ Մինսկի խումբի համանախագահները Հինգշաբթի օր հանդիպում ունեցան նաեւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ: Երեւանէն համանախագահները պիտի մեկնին Ստեփանակերտ՝ հանդիպելու տեղւոյն իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ:

Previous Post

Հայաստանը «Հերիթեճ» Հիմնադրամի Կողմէ Կը Նկատուի Տնտեսապէս Չափաւոր Ազատ Երկիր

Next Post

How to close the female orgasm gap

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.