Մաքրոն. «Լիբանան Աւելի Լաւ Կացութեան Արժանի Է,
Եւ Նորակազմ Կառավարութեան Հետ
Աշխատանքը Պիտի Շարունակենք»
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն երէկ Էլիզէի պալատի մուտքին ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ ունեցաւ աշխատանքային հանդիպում մը` զայն դարձնելով իր ճաշի հիւրը:
Հանդիպումէն ետք Էլիզէի պալատի շրջափակին մէջ տրուեցաւ մամլոյ միացեալ ասուլիս մը, որուն ընթացքին Մաքրոն յայտնեց, որ Լիբանան իր ներկայ իրավիճակէն շատ աւելի լաւ կացութեան արժանի է` իր երիտասարդներուն ապագային համար:
«Ձեր պատասխանատուութիւնը պատմական է, եւ պիտի օժանդակենք ձեզի, որպէսզի յաջողիք բարեկարգումներու գործադրութեան մէջ», ըսաւ ան:
Միքաթի նկատել տուաւ, որ Ֆրանսա պիտի օժանդակէ ենթակառոյցները նորոգելու, ինչպէս նաեւ ուժանիւթի մարզը բարգաւաճեցնելու իմաստով:
«Լիբանանցիներուն պիտի օժանդակենք, իսկ Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք է Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ անհրաժեշտ բանակցութիւններուն սկսի եւ աւելի աշխուժ կերպով սկսի փտածութեան դէմ պայքարին եւ յանցագործները հաշուետուութեան կանչելուն», յայտնեց ան:
Մաքրոն ընդգծեց, որ լիբանանեան ելեւմտական եւ տնտեսական դրութիւնը հսկայական բարեկարգումներու կարիք ունի` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է Լիբանանի մարդասիրական թղթածրարներուն լուծումներ գտնել:
Մաքրոն նկատել տուաւ նաեւ, որ միջազգային ընտանիքը Լիբանանին օժանդակութիւններ պիտի չտրամադրէ, եթէ բարեկարգումները չիրագործուին:
«Ֆրանսա միշտ նեցուկ պիտի կանգնի Լիբանանին, սակայն ուղին դժուար է, իսկ պարտաւորութիւնը` ծանր: Մենք լիբանանցիներուն պիտի զօրակցինք, եւ Լիբանանի ժողովուրդը պէտք է իմանայ, որ կրնայ Ֆրանսային վստահիլ», շեշտեց ան:
Մաքրոն նկատել տուաւ, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակող խոչընդոտները բոլորին համար յստակ են` աւելցնելով, որ Միքաթիի հետ պիտի քննարկեն յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւնները թափանցիկութեամբ կատարելու անհրաժեշտութիւնը:
«Միքաթի խոստացաւ յանձնառու մնալ կատարուելիք անհրաժեշտ բարեկարգումներուն», հաստատեց ան:
Մաքրոն անդրադարձաւ նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի թղթածրարին` շեշտելով, որ Ֆրանսա չէզոքութեամբ եւ թափանցիկութեամբ կը շարունակէ օժանդակել դատական իշխանութիւններու աշխատանքին, որովհետեւ լիբանանցիներուն իրաւունքն է իմանալ ճշմարտութիւնը:
Մաքրոն ընդգծեց, որ նորակազմ կառավարութեան հետ աշխատանքը պիտի շարունակուի, «ինչպէս նաեւ միջազգային ուժերը պիտի մէկտեղենք Լիբանանին անհրաժեշտ օժանդակութիւնը ապահովելու համար», եզրափակեց ան:
Իր կարգին, Միքաթի յայտնեց, որ կառավարութիւնը պիտի աշխատի իր գործը համադրելով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ խորհրդարանին հետ` իրագործելու համար անհրաժեշտ բարեկարգումները:
Ան ընդգծեց, որ կառավարութիւնը վճռակամ է երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու առումով, այսինքն` յառաջիկայ գարնան:
Ան դիտել տուաւ, որ հանդիպումին ընթացքին մեծ կարեւորութիւն ներկայացնող թղթածրարներ քննարկուած են` շեշտելով, որ Ֆրանսա միշտ զօրակցած է Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն: «Իր պատմութեան ընթացքին դիմագրաւած ամէնէն խիստ տագնապին ընթացքին Լիբանանի կողքին կանգնեցաք, յատկապէս 4 օգոստոսի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին ընթացքին զօրակցեցաք Լիբանանին եւ անոր ապահովեցիք օժանդակութեան երեք միջազգային խորհրդաժողովներ», ըսաւ վարչապետ Միքաթի:
Ան շեշտեց, որ Ֆրանսայի զօրակցութիւնը յատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ նաեւ անոր համար, որ Ֆրանսա կը ներկայացնէ միջազգային ընկերութեան սիրտը, որ կազմուած է արաբ մեր եղբայրներէն եւ աշխարհի մեր բարեկամներէն:
«Այս իմաստով կը փափաքիմ ձեզի յայտնել իմ եւ լիբանանցիներուն երախտագիտութիւնը», հաստատեց Միքաթի:
Վարչապետը ընդգծեց, որ Լիբանան իր յոյսը դրած է արաբական եւ արեւմտեան զօրակցութեան վրայ, աւելցնելով, որ Ֆրանսայի նախագահը պիտի չարտօնէ, որ Լիբանան որեւէ վտանգի ենթարկուի: