Եւրոպայի ճատրակի ախոյեան, Հայաստանի տասը լաւագոյն մարզիկներէն էլինա Դանիէլեան յաջողութիւն մաղթեց Հայաստանի տասը լաւագոյն մարզիկներուն:
«Ուրախ եմ, որ ընդգրկուած եմ Հայաստանի տարուան տասը լաւագոյն մարզիկներուն մէջ:Շնորհակալութիւն բոլորին իմ օգտին քուէարկելու համար: Եւս մէկ անգամ կ’ուզեմ շնորհաւորել բոլոր մետալակիրները եւ մաղթել նորանոր յաջողութիւններ, մետալներ եւ յաղթանակներ».յայտնեց Դանիէլեան: