ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայկական նոր ազգային օդանաւային ընկերութեան ստեղծման մասին համաձայնագիր մը ստորագրուեցաւ «Զուարթնոց» օդակայայնին մէջ՝ մասնակցութեամբ Հայաստանի փոխվարչապետի պաշտօնակատար Տիգրան Աւինեանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու «Էյր Արաբիա» օդանաւային ազգային փոխադրութեան ընկերութեան տնօրէններու խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտուլլահ պին Մոհամետ ալ Թանիի: Փաստաթուղթը ստորագրեցին «Հայաստանի պետական հետաքրքրութիւնների ֆոնդ»ի (ԱՆԻՖ) ղեկավար Դաւիթ Փափազեան եւ «Էյր Արաբիա» ընկերութեան տնօրէն Ատել Ապտուլլահ Ալ Ալի:
«Սա ռազմավարական նշանակութեան ներդրումային ծրագիր է եւ մեծ հնարաւորութիւններ է ստեղծում Հայաստանում աւիացիայի զարգացման համար», յայտնեց Տիգրան Աւինեան՝ դիտել տալով, որ ստորագրուած համաձայնագիրով պիտի ստեղծուի անկախ համատեղ ընկերութիւնմը, որ պիտի տեղակայուի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ:
Ըստ անոր` իբրեւ «լօ քոսթ»` ցած գինով, ընկերութիւն, նոր ազգային օդանաւային ընկերութիւնը պիտի նպաստէ զբօսաշրջութեան աճին եւ պիտի խթանէ յարակից ոլորտներու զարգացումը: Իսկ ՄիջինԱրեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մեծագոյն ընկերութեան եւ աշխարհի մէջ ֆինանսապէս ամէնէն արդիւնաւէտ օդանաւային ընկերութիւններէն մէկուն՝ «Էյր Արաբիա»ի, հետ համագործակցութիւնը ծրագիրին առաւել մեծ գրաւչութիւն կու տայ։
«Նոր ազգային աւիափոխադրողի ստեղծմամբ ընդլայնուելու են Հայաստանի քաղաքացիների օդային մատչելի եւ որակեալ ճամբորդութեան հնարաւորութիւնները: Համոզուած եմ, որ սա լինելու է յաջողուած նախագիծ, որի արդիւնքները տեսանելի են լինելու շատ կարճ ժամանակում», նշեց Աւինեան: