ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ – ՊԱՅՔԱՐ 162
Համայն աշխարհ գիտէ Թուրքիոյ հետ հայ ժողովուրդի կեցուածքին մասին: Համայն աշխարհ գիտէ՝ սփիւռքահայութիւնը կը պայքարի իր կորսնցուցած իրաւունքները ձեռք բերելու համար: Թրքական յաջորդական կառավարութիւններ կ’անտեսեն ճշմարտութիւնը, կեղծել պատմութիւնը:
Թուրք պետականութիւնը կ’անտեսէ Լոզանի համաձայնութեան դրոյթները, որոնց տակ դրուած է թուրք ներկայացուցիչներու ստորագրութիւնը: Թրաքախօս ժողովուրներու իրաւունքներով զբաղելու փոխարէն, նախընտրելի պիտի ըլլար, որ ան հայրենի հողերը վերադառնալու իրաւունք ընծայէր հայ ժողովուրդի զաւակներուն:
Օսմանեան կայսրութեան պատմութիւնը ոչ թուրք ժողովուրդներու նկատմամբ հաւաքական վայրագութեան պատմութիւն է պարզապէս: Առ այսօր կը շարունակուի թուրք պետականութեան եւ անոր կողմէ ճնշուած ժողովուրդներու միջեւ մահ ու կենաց պայքարը:
Թուրք պետականութիւնը ուշ կամ կանուխ հաշուի պիտի նստի Արեւմտահայաստանի իսկական տէրերուն հետ: Այսօր սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը գործնական օրակարգի վերածած է բռնագրաւուած հողերը վերստանալու գաղափարը: Իւրաքանչիւր ժողովուրդի իրաւունքն է մնալ իր պապենական հողերուն վրայ: Եթէ հայը ապահով անկիւն կը փնտռէր ժամանակին, հարիւրամեակ մը անցած է այդ ծանր օրերէն: Փոխուած են ժամաանկները, փոխուած են հոգեբանութիւնները: Սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը այսօր տարբեր աչքերով կը դիտէ մեր պահանջատիրութիւնը, տարբեր միջոցներ կիրառելու անհրաժեշտութիւնը: Ժամանակն է թուրք պետականութեան յիշեցնելու իր պարտքը վճարելու անհրաժեշտութիւնը, փոխհատուցել հայ ժողովուրդին կորուստները:
Մարդկային իրաւունքներէն բարյրաձան ճառող ղեկավարներէն գործնական քայլեր կը պահանջուին, աշխարհի տարբեր ափերու վրայ ապրող հայերուն կորուսեալ հայրենիքը վերադառանլու իրաւունք շնորհելու: Այս օրակարգը նոր չէ Արեւմուտքի դիւանագէտներուն: Ան բազմակողմանիօրէն քննարկուեցաւ Լոզանի խորհրդաժողովի օրերուն: Լոզանի խորհրդաժողովին ընթացքին օրակարգի նիւթ դարձաւ ժողովուրդի մը կողմէ հարիւր հազարաւոր սեփական հպատակներ արտաքսելու իրաւասութեան հարցը
Լոզանի խորհրդաժողովի ընթացքին, երբ կը նշուէր, թէ « Միջազգային Իրաւունքի հիմնական կանոններէն մէկը կը պահանջէ, որ այն գաղթականները,որոնք չեն կատարած որեւէ յանցագործութիւն, ինքնաբերաբար պիտի ստանան տունդարձի իրաւունք»: Թուրքիոյ ներկայացուց Իսմէթ Ինենու, արդարացնելով սուլթաններու յանցագործութիւնները՝ խռովարար, յեղափոխական կ’ամբաստանէր հայերը…:
Պատմական ինչպիսի հեգնանք. Լոզանի խորհրդաժողովի հողային յանձնաժողովի 14-րդ նիստին ընթացքին ( 13 դեկտեմբեր 1928), Իսմէթ Ինենու կը յայտարաէ.« Ինչ կը վերաբերի ներկայիս Թուրքիոյ մէջ գտնուող հայերուն, ոչինչ կը խանգարէ անոնց, իբրեւ փոքրամասնութիւն շարունակելու ապրիլ աշխատանքային եւ բարեկեցիկ կեանքով, ինչպէս նախապէս եղած է, մինչեւ պատերազմը»: Լորտ Քերզըն անմիջապէս կը ծաղրէ թուրք Ինենուն, ըսելով.« Եթէ երկու ժողովուրդներուն միջեւ գոյութիւն ունեցած է երջանիկ յարաբերութիւններ, հապա ինչպէ՞ս պատահեցաւ, որ Փոքր Ասիոյ մէջ ապրող երեք միլիոն հայերուն թիւը նուազելով 130 հազարի հասաւ»: Շարունակելով իր հարցադրումը, անգլիացի դիւանագէտը կը հարցնէ.« Ինչո՞ւ տեղահանութեան պատճառով ներկայիս հարիւր հազարաւոր հայեր ցրուած են աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ, այն պահուն, երբ անոնք պէտք է հետեւէին թրքական կառավարութեան սիրալիր հրաւէրին: Վերջապէս, ինչո՞ւ Հայկական հարցը կը հանդիսանայ աշխարհի ամենամեծ խայտառակութիւններէն մէկը»:
Թուրքիան՝ օսմանեան ըլլայ ան, երիտթրքական, զինուորական կամ՝ հանրապեական միեւնոյնն է, որովհետեւ չստեղծուեցան «հայրենակից թուրքերու հետ եղբայրաբար ապրելու պայմաններ….»:
Լոզանի խորհրդաժողովի ընթացքին թրքական պատուիրակութիւնը քանիցս խոստովանած էր, թէ« Թուրքիոյ բարգաւաճման համար, Թուրքիան ունի հայերուն խելքին, առեւտրական ընդունակութիւններուն եւ ձեռներէցութեան անհրաժեշտութիւնը»: Սակայն, 7 յունուար 1923-ին, անոր առաջարկուեցաւ «Ազգերու Լիկայի գիտութեամբ եւ թրքական կառավարութեան ընտրութեամբ, թրքական հողամասերու որեւէ մէկ մասին վրայ հայերուն ( Թուրքիոյ մէջ ապրող հայերու օրինակով, արտասահմանի մէջ սփռուած հայերուն) տրուի կեդրոնանալու եւ համախմբուելու կարելիութիւն» թրքական պատուիրակութիւնը կտրուկ եւ բացարձակապէս մերժեց առաջարկը:
Լոզանի համաձայնագիրի օրերուն հայերը Անաթոլիա վերադարձնելու տրամադրութիւն մը գոյութիւն ունէր…:
Նոյնինքն Իսմեթ փաշան, առանց որեւէ պատասախանատուութիւն ստանձնելու հայերու մասին յայտարարեց, թէ «խաղաղ անհատները կրնան ազատ վերադառնալ Թուրքիա»
Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք, երբ թուրքերը զգացին համաշխարհային հասարակական կարծիքին ուժը, երբ Դաշնակիցները հայասպան թուրքերէն հաշուետուութիւն հայց բարձրացուցին, անոնք կը փորձէին ապացուցել թուրք ժողովուրդին անմեղութիւնը: Բայս երբ նկատեցին հակասութիւններու մէջ մխրճուած Արեւմուտքին վերիվայրումները, երբ կատարուած ոճրագործութիւնները հետեւողականօրէն չեն դատապարտուիր, մեղաւորները չեն պատժուիր, թուրքերը սկսան ամենուրէք տարածել. «Մենք աւելի քան մէկ միլիոն հայ կոտորած ենք եւ Եւրոպան ոչինչ կ’ըսէ մեզ պատժելու համար, եւ երբ որ նոր առիթ մը ունենաք, մենք վերջ կու տանք մնացեալ հայերուն եւ երկիրը մեզի կը մնայ ( Գրիգորեան Հ.Գ. The Mandate for Armenia, Պոլիս, էջ. 11, 1919): Շատ հաւանաբր տակաւին 1919-ին գոյութիւն ունէին մարդիկ, որոնք ճշդօրէն կը կռահէին թրքական քաղաքականութեան հետագայ ուղղութիւնները..:
Այս տողերը կը գրեմ, որովհետեւ ժամանակն է թրքական իշխանութիւններուն յիշեցնել այս մասին: Պահանջել պապենական հողերու վրայ ապրելու տարրական իրաւունքը: Հայ ժողովուրդի զաւակները պէտք է փաստերու իմացութեան վրայ յենած գործուն կերպով արդարութիւն պահանջեն: Պայքարիլ որպէսզի Թուրքիա ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը, Արեւմտահայութեան իրաւունքները:
Լոզանին մասնակցող Դաշնակից պետութիւնները յայտարարած էին, թէ խորհրդաժողովը պիտի չփակուի առանց արդար լուծում մը տրուելու Հայկական հարցին: Խորհրդաժողովին դիտորդի հանգամանքով կը մասնակցէին Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուիչ Աւետիս Ահարոնեանը եւ Ազգային պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Գաբրիէլ Նորատունկեանը:
Մեր երկու պատուիրակութիւնները Հայկական հարցի լուծման համար խորհրդաժողովին ներկայացուցին լուծումի երեք տարբերակղ
Ա- «Հայկական Օճախ»ի ստեղծում, Մ. Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի կողմէ գծուած սահմաններուն մէջ:
բ- «Երեւանեան Հանրապետութեան» տարածքին ընդլայնում դէպի ծով ելքով եւ այդ տարածքներուն մէջ գաղթականներու բնակեցում:
գ-«Հայկական Օճախ»ի ստեղծում Կիլիկիոյ մէջ:
Ազգային փոքրամասնութիւններու օրակարգը քննարակելու միջոցին քանի մը անգամ անդրադարձ եղաւ Հայկական ազգային օճախին: Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Լորտ Քերզըն խօսքը Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան հարցին, մասնաւորեց հայերու վրար, դիտել տալով, որ հայերը արժանի էին յատուկ ուշադրութեան… եւ պահանջեց Թուրքիոյ հիւսիսարեւելեան նահանգներուն մէջ կամ Կիլկիոյ եւ Սուրիոյ հարաւարեւելեան սահմանագիծին վրայ ազգային օճախ յատկացնել հայերուն: Մարդիսարական ճառեր արտայայտուեցան նաեւ մնացեալ Դաշնակից պետութիւններու ներկայացուցիչները: Իսմեթ Ինենիու կտրականապէս մերժեց Թուրքիոյ տարածքին որեւէ հայկական պետութիւն ստեղծելու գաղափարը, պատճառաբանելով, թէ երկրին բոլոր տարածաշրջաններուն մէջ թուրքերը մեծամասնութիւն ըլլալով, անհնար է որեւէ տարածութիւն անջատել մայր հայրենիքէն: Բացի այդ, Թուրքիա «բարիդրացիական յարաբերութիւններ» հաստատած է գոյութիւն ունեցող «անկախ Հայաստան»ի հետ (խօսքը կը վերաբերի Մոսկուայի եւ Կարսի համաձայնագիրերուն), այսինքն՝ Խորհրդային Հայաստանի հետ, հետեւաբար անհնար պիտի ըլլար պատկերացնել այլ Հայաստանի մը գոյութիւնը…
Թուրքիոյ պատուիրակութեան ղեկավար, վարչապետ Իսմեթ Ինենիու սինիզմով յայտարարեց .« Թող հայերը իրենց համար հայրենիք որոնեն այլուր, ամենայարմար վայրը անոնց համար քիչ բնակեցուած Աւստրալիան է»:
Լոզանի խորհրդաժողովը ոչ մէկ բառ յիշատակեց Հայկական հարցին մասին: Հետագային Լոյտ Ճորճ իր յուշերուն մէջ գրեց .« Հայաստանը մեր զոհն էր»:
Ուշագրաւ մէկ այլ կէտ. Լոզանի խորհրդաժողովը հաստատեց Պուլկարիոյ, Յունաստանի, Իրաքի, Սուրիոյ հետ Թուրքիոյ սահմանները, առանց անդրադառնալու հայ-թրքական սահմանին, որովհետեւ անոնք որոշուած էին Մ. Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի իրաւարար վճիռով: