Յայտնի հայ արժանթինցի գործարար Էտուարտօ Էռնեկեան կը պատրաստուի իր գործարարութեան կառավարումը զարմիկին` Մարտին Էռնեկեանին փոխանցել: Այս մասին ան յայտնած է Bloomberg-ի հետ հարցազրոյցին ընթացքին:
Գործարարը կը պատրաստուի յունուարի վերջին վաճառել Corporacion America Airports SA ընկերակցութեան բաժնետոմսերը, որուն կը պատկանի աշխարհի մէջ 51 օդակայաններու կառավարման պայմանագիրը (մենաշնորհ-Հ.Ա): Բաժնետոմսերու արժէքը 750 մլն տոլար է: Անոր 39-ամեայ զարմիկը կը զբաղի վաճառքով, քանի որ հէնց ան պիտի կանգնի Էռնեկեանի գործարարութեան ղեկին: «Ես այդ գործարքին կը հետեւիմ այս ամիս, եւ օդակայաններուն մէջ իմ գործս կ’աւարտուի»,- յայտարարած է ան:
Բաժնետոմսերու վաճառքը Էռնեկեանի համար նոր փուլի սկիզբ կը նշանաւորէ: «Սակայն 85-ամեայ ձեռներէցը, որ կ’ըսէ, թէ ինք դեռեւս ամէն օր կը լողայ եւ եոկայով կը զբաղի, տեսադաշտէն չանհետանար: Հայ գաղթականներու որդին, որոնք փախած էին 20-րդ դարասկիզբին ցեղասպանութենէն, կը նշէ, որ ամէնօրեայ պարտականութիւններու փոխանցումը զինք կ’ազատէ գործարարութեան նոր ուղղութիւններն ուսումնասիրելու համար»,- news.am-ի հաղորդմամբ` նշուած է յօդուածին մէջ: