ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան դատ բացած է գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան Պոլսոյ նահանգային կառոյցի ղեկավար Ճանան Քաֆթանճօղլուի դէմ՝ պահանջելով 700,000 թրքական լիրայի (մօտաւորապէս 185,000 տոլար) վնասուց հատուցում:
Պոլսոյ հանրապետական դատախազութիւնը, Էրտողանի դիմումին հիման վրայ՝ Քաֆթանճօղլուի հանդէպ հետաքննութեան սկսած է, Թուրքիոյ հանրապետութեան պետական կառոյցները նսեմացնելու եւ նախագահ Էրտողանը վիրաւորելու մեղադրանքով։
Էրտողան 14 անջատ դիմումներ ներկայացուցած էր դատախազութեան՝ վնասուց հատուցում պահանջելով Քաֆթանճօղլուի կողմէ իր հասցէին կատարուած յայտարարութեան դիմաց:
Ընդդիմադիր ղեկավարին դէմ այլ դատ մըն բացած է նաեւ Էրտողանի զաւակը՝ Պիլալ Էրտողանը, պահանջելով 100,000 լիրայի (26,000 տոլար) վնասուց հատուցում:
Ցեղասպանութեան մասին Քաֆթանճօղլուի կատարած յայտարարութիւնը եւ հակաիշխանական գրութիւնները թրքական մամուլին ուշադրութեան առարկան դարձան, երբ ան վերջերս ընտրուեցաւ իր կուսակցութեան Պոլսոյ նահանգային կառոյցի ղեկավար:
Քաֆթանճօղլու Հայոց Ցեղասպանութեան մասին իր արձանագրութիւնը կատարած էր 24 Ապրիլ 2012-ին՝ «Թուիթըր»ի վրայ գրելով. «Այսօր Հայոց Ցեղասպանութեան օրն է: Մենք այսօր Թաքսիմի մէջ պիտի ոգեկոչենք ջարդուած մեր հայ քաղաքացիներուն յիշատակը»։