ՊԱՔՈՒ, «Թրենտ»․- Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահներ Իլհամ Ալիեւ եւ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի 26 Հոկտեմբերին ներկայ եղան Արցախէն բռնագրաւուած Վարանդա (Ֆիզուլի) շրջանին մէջ վերջերս կառուցուած օդակայանին բացման արարողութեան:
Ատրպէյճանի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Ճահիթ Պաղճը յայտնեց, թէ 12 Նոյեմբերին նախագահները դարձեալ պիտի հանդիպին այս անգամ Պոլսոյ մէջ: