Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ իր ֆրանսացի պաշտօնակից Էմանուէլ Մաքրոնի հետ քննարկած է Հարաւային Կովկասի մէջ «Վեցեակի հարթակ»-ի գաղափարը:
«Մաքրոն արծարծած է Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող կացութեան հարցը: Մենք ըսած ենք, որ անցեալ շաբաթ եղած ենք Ազրպէյճանի մէջ, եւ ներկայիս Հարաւային Կովկասի մէջ դրական քայլեր կը ձեռնարկուին, եւ մեր եղբայր Իլհամ Ալիեւը վճռականօրէն կ՛ուզէ շարունակել այդ դրական քայլերը…:
«Մաքրոնի հետ հանդիպումի ընթացքին առաջին գիծ մղուած է շրջանին մէջ վեցակողմ հարթակ ստեղծելու հարցը: Ռուսիան, Ազրպէյճանը, Թուրքիան, Իրանը, Վրաստանն ու Հայաստանը, եթէ անոնք բոլորը համաձայնին, մենք այստեղ խաղաղութեան հարթակ պիտի ստեղծենք», ըսած է Էրտողան: