ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Ելոյթ ունենալով Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ, նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան կոչ ըրած է զանգուածային լրատուամիջոցներուն, որ սահմանափակեն կանանց դէմ բռնութիւններու, հալածանքներու եւ յատկապէս բռնաբարութիւններու մասին լուրերը՝ պնդելով, որ նման յարձակումներ աւելի յաճախակի կը դառնան, որովհետեւ լրատուամիջոցները պէտք եղածէն աւելի տեղ կու տան անոնց…
«Դադրեցուցէ՛ք ձեր այդ հրապարակումները, որովհետեւ ատով դուք աւելի՛ կը կատղեցնէք հասարակութիւնը», ըսած է Էրտողան: