ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան շաբաթավերջին հրամայեց 10 դեսպաններ, ներառեալ՝ Միացեալ Նահանգներու, Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի, «անբաղձալի անձեր» հռչակել, պարզապէս որովհետեւ անոնք այլախոհ գործարար Օսման Քաւալան ազատ արձակելու կոչ կատարած էին։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դեսպանները կանչած էր անոնց հրապարակած «անպատասխանատու» հաղորդագրութեան համար, որ կոչ կ՛ուղղէր՝ արդար եւ արագ լուծում տալ 2017ի վերջաւորութենէն ի վեր բանտարկուած Քաւալայի հարցին: Վերջինս ամբաստանուած է Ապրիլ 2016ի զինուորական ձախող յեղաշրջումին նիւթապէս նեցուկ կանգնելու յանցանքով. ամբաստանութիւն մը, որ Քաւալա կը մերժէ ընդունիլ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս, մեկնաբանելով Էրտողանի յայտարարութիւնը՝ յայտնեց. «Այդ յայտարարութիւնները տեսանք, եւ մենք Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն բացատրութիւն կը պահանջենք»:
Դանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտնեց հետեւեալը. «Թուրքիոյ մօտ մեր դեսպանին վտարման մասին որեւէ պաշտօնական տեղեկացութիւն չստացանք»: