Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Էրտողան պատրաստ է Մոսկուայի եւ Քիեւի միջեւ միջնորդութեան

February 28, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Turkey marshals law to defend Recep Tayyip Erdogan’s honor

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան դարձեալ իր միջնորդական ծառայութիւնները առաջարկած է Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին նշած է Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմի հանրային կապերու վարչութեան պետ Ֆահրեթթին Ալթուն:

«Մենք մեր շրջանին մէջ հերթական պատերազմի ականատեսն ենք: Նախագահ Էրտողան պատրաստ է իբրեւ միջնորդ հանդէս գալու Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ, որովհետեւ մենք երկու երկիրներուն հետ ամուր յարաբերութիւններ ունինք», «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Ալթուն:

Թուրք պաշտօնատարը գրած է, որ Անգարան «դիւանագիտական մակարդակով ամէն ինչ ըրած է, որ կանխարգիլէ ներկայ կացութիւնը»: Անոր համաձայն, ՄԱԿ-ի համակարգը բարեփոխելու մասին Թուրքիոյ կոչերը անտեսուած են, ու հիմա բոլորը տեսան ատոր սարսափելի հետեւանքները:

Ալթուն կը կարծէ, որ այս պատերազմէն կարելի էր խուսափիլ, եթէ Անգարայի կոչերը լսող ըլլար: «Մենք բազմիցս դիւանագիտական լուծման կոչ ուղղած ենք, սակայն հիմա պատերազմը մեր առջեւ կանգնած է իբրեւ իրականութիւն: Շրջանային ու համաշխարհային շարք մը հարցերու շուրջ միջազգային ընտանիքի միասնականութեան բացակայութիւնը լուրջ խնդիր էր, այդպէս է նաեւ ռուս-ուքրանական ճգնաժամի ժամանակ», նշած է Ալթուն:

Էրտողանի վարչակազմի ներկայացուցիչը նշած է, որ Թուրքիոյ քաղաքականութեան վերաբերեալ բազմաթիւ ենթադրութիւններ ու մեկնաբանութիւններ կան:

«Թուրքիոյ դիւանագիտական քայլերը եւ անոնց համակարգումը իր դաշնակիցներուն հետ միշտ ուղղուած են տագնապի արագ եւ խաղաղ լուծման: Թող ոչ ոք կասկածի ատոր: Թուրքիան կը հաւատայ իւրաքանչիւր ճգնաժամի մէջ դիւանագիտութեան կառուցողական ու ստեղծարար ուժին եւ կը փորձէ առաւելագոյնս օգտագործել բոլոր դիւանագիտական կարելիութիւնները», ըսած է Ալթուն:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու եւ անոր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրով հեռաձայնայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած են Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւնները: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը յայտնած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը:

Չաւուշօղլու բանակցութիւններու համար միջնորդութիւն առաջարկած է: Ան մասնաւորաբար ըսած է, որ եթէ կողմերը ուզեն, Թուրքիան պատրաստ է Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ բանակցութիւններ կազմակերպելու:

Միւս կողմէ, «Երկիր» կը հաղորդէ, որ Չաւուշօղլու յայտարարած է. «Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի` ուքրանացի զինուորականներուն երկրին մէջ իշխանութիւնը իրենց ձեռքը առնելու կոչը տարակուսելի է եւ անընդունելի»:

«Մենք զարմացանք այս կոչէն, ատիկա սխալ եւ անընդունելի կոչ է», ըսած է ան:

Թրքական դիւանագիտութեան պետը նաեւ վստահեցուցած է, որ Անգարան պիտի շարունակէ խստօրէն կատարել Մոնթրէոյի հռչակագիրին բոլոր կէտերը եւ մտադիր չէ այդ հարցին մէջ հաւատարիմ մնալ երկակի չափանիշերու:

«Թուրքիան միշտ հաւատարիմ մնացած է այն համաձայնութիւններուն, որոնց կողմնակիցն է», ընդգծած է Չաւուշօղլու:

Ան նաեւ յայտնած է, որ Թուրքիան սկսած է Ուքրանիայէն ցամաքային ճամբով իր քաղաքացիներու հեռացման հոլովոյթը:

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահի գրասենեակը յայտնած է, թէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ:

«…Քննարկուած են Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ զինուորական միջամտութիւնն ու վերջին իրադարձութիւնները», նշած են գրասենեակէն` աւելցնելով. «Նախագահ Էրտողան յայտարարած է, թէ Անգարան ջանքեր կը գործադրէ, որպէսզի որքան կարելի է շուտ յայտարարէ զինադադար, որպէսզի կանխարգիլէ հետագայ մարդկային զոհերը եւ Ուքրանիոյ հասցուող հետագայ վնասը»:

Մինչ այդ, իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին մերժած է Իսրայէլի վարչապետ Նաֆթալի Պենեթի` Ուքրանիոյ մէջ զինուորական գործողութիւնները դադրեցնելու միջնորդութիւն կատարելու առաջարկը:

Փութին Պենեթին յայտնած է, որ իր երկիրը պատրաստ է Պիելոռուսիոյ մէջ բանակցութիւններ կատարելու, սակայն Ուքրանիան առիթը չէ օգտագործած:

Previous Post

Biden Is Ready To Bet Big On Nuclear Energy

Next Post

Is Hydrogen A Better Bridge Fuel Than Natural Gas?

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.