ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշտի մէջ իր աւարտին հասնող Եւրոպայի ազատ ոճի ըմբշամարտի ախոյեանութեան 61 քլկ․ դասակարգի աւարտականին, Հայաստանի յառաջատար ըմբիշ Արսէն Յարութիւնեան դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան։
Ան ճակատեցաւ Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան, աշխարհի փոխախոյեան, եւրոպական խաղերու պրոնզէ մետալակիր թուրք Սիւլէյման Ալթիի դէմ եւ արձանագրեց 15-3 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Այսպիսով, Յարութիւնեան երկրորդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան․ առաջին անգամ՝ 2019ին, Ռումանիոյ մայրաքաղաք՝ Պուխարեսթ մէջ:
Նշենք, որ ան արձանագրած է նաեւ այլ կարեւոր նուաճումներ, որոնց կարգին՝ դարձած է աշխարհի պրոնզէ մետալակիր, աշխարհի անհատական բաժակի արծաթէ մետալակիր, աշխարհի 23 տարեկանէն վար ախոյեան, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեան: