ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեան «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան շփման գծում տիրող իրավիճակը եւ սահմանազատման խնդիրները» թեմայով փակ քննարկումէն ետք ներկայացուց եզրակացութիւններ` մանրամասնութիւններ տալով նաեւ Փայլասարին վերաբերեալ:
Օհանեան շեշտեց, որ քննարկումին լոյսին տակ կատարուած առաջին եզրակացութիւնը այն է, որ իրենք` ընդդիմադիրները, հրաւիրած էին քաղաքական գործիչները, այսինքն, գերատեսչութիւններու առաջին դէմքերը, որոնք կը տիրապետեն քաղաքական, ռազմավարական, ռազմաքաղաքական եւ իրաւական տուեալներու, սակայն բոլոր հարցումներուն ալ պատասխան չեն ստացած։
«Այս քննարկման ընթացքում շատ հարցերի պատասխաններ մենք չստացանք: Չստացանք հարցերի պատասխաններ, որոնք պէտք է ուղղուած լինէին պատերազմից յետոյ իրավիճակի գնահատմանը, դրա շրջանակներում մեր պետութիւնում ռազմավարական վերանայման իրականացմանը, նկատի ունեմ անվտանգութեան միջավայրի ամբողջական գնահատումը եւ Հայաստանի ու Ադրբեջանի միջեւ շփման գծի իրավիճակը եւ Հայաստանի կողմից ձեռնարկուող միջոցառումները», յայտնեց Օհանեան:
Ան յիշեցուց, որ, 9 Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան համաձայն, զօրքերը պէտք է կանգնէին հոն, ուր մարտական գործողութիւնները աւարտած էին:
«Այս քննարկումից երկրորդ եզրակացութիւնը կայանում է նրանում, որ որեւիցէ հենք չի եղել, որ հայկական զօրքերը յետ քաշուեն այն դիրքերից, որտեղ պատերազմն աւարտուել է` յատկապէս Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի հատուածում: Մեր եզրակացութիւնն այն է, որ այդ ամէնն իրականացուել է բանաւոր կերպով», նշեց խմբակցութեան ղեկավարը:
Ըստ անոր` ժամանակին որոշում չէ տրուած կարեւոր ռազմավարական կէտերը` ճամբաները, բարձունքները գրաւելու` թէկուզ չհաստատուած, թէկուզ իրաւական հենք չունեցող այն շփման գիծին մէջ, որ նախապէս եղած է Խորհրդային միութեան մէջ՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ: «Արագ կերպով պէտք է զօրահաւաք արուէր, որոշումներ ընդունուէին, ամենակարեւոր կէտերում դիրքերը կահաւորելու ժամանակահատուածը մի քանի օր է», նշեց ան։
Քննարկումին երրորդ եզրակացութիւնը հետեւեալն է` պէտք է բարձրացնել պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ զօրքերու միացեալ փոխգործակցութեան մակարդակը, փոխգործունակութիւնը` մէկը միւսը փոխարինելու անհրաժեշտութեան պարագային: Ընդդիմութիւնը մտահոգութիւններ ունի, թէ իշխանութիւնը ստուերային պայմանաւորուածութիւններ պիտի ունենայ:
Ըստ Օհանեանի՝ իրենց դաշինքի հարցը եղած է հասկնալ իրադրութիւնը եւ կանխել, դիմադրութեան շարժում ստեղծել, որպէսզի 9 Նոյեմբերի յայտարարութեան նման յայտարարութիւն չըլլայ այսօր:
Փակ քննարկման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ճամբաներու եւ Փայլասարին հարցին,: Վերջինիս առնչութեամբ Օհանեան ըսաւ հետեւեալը. «Իրենք ասում են, որ դիրքերի որեւիցէ փոփոխութիւն տեղի չի ունեցել: Նրանք հաստատեցին, որ եղել է ՌԴ յենակէտ` երկու երկրների յենակէտերի միջեւ, ՌԴ յենակէտը դուրս է հանուել, դիրքերի փոփոխութիւն տեղի չի ունեցել»։