ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- 15 Սեպտեմբերին Հայաստանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար, զօր. Արտակ Դաւթեան ընդունեց Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ ռազմական կցորդ, գնդապետ Կրեկըրի Փայփսը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Արցախի մէջ ռազմական գործողութիւններու աւարտէն ետք ստեղծուած ապահովութեան իրավիճակին եւ զինուած ուժերու բարեփոխումներուն վերաբերող հարցեր: Կողմերը հաստատեցին հայ-ամերիկեան ռազմական համագործակցութիւնը զարգացնելու իրենց պատրաստակամութիւնը` ընդգծելով, որ ընթացիկ ծրագիրները պէտք է շարունակուին եւ նախաձեռնուի փոխշահաւէտ նոր ուղղութիւններու: