«Լիբանանի մէջ քաղաքացիական պատերազմին վերադարձ չկայ, հակառակ անոր որ մթնոլորտը պղտորելու փորձերը կը շարունակուին», յայտարարեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ` Երեքշաբթի, 26 հոկտեմբերին, ընդունելով Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը: Շնորհաւորելով նորընտիր պատրիարքին գահակալութիւնը` նախագահ Աուն յաջողութիւն մաղթեց ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ` իր նոր առաքելութեան մէջ:
Հանդիպումը առիթ եղաւ անդրադառնալու երկրի ընդհանուր իրավիճակին, յատկապէս ներկայիս ժողովուրդը յուզող հարցերուն: Այս գծով նախագահ Աուն մաղթեց, որ կառավարութիւնը վերսկսի իր լիագումար նիստերուն, «թէեւ յանձնախումբերը կը գործեն, սակայն կառավարութիւնը միայն յանձնախումբերով չէ, որ կ՛արդիւնաւորէ իր գործունէութիւնը»: Անդրադառնալով ընտրական հարցին` նախագահ Աուն անհրաժեշտ նկատեց «մեկասենթըր»-ի հաստատումը, որ զգալիօրէն կը դիւրացնէ քաղաքացիներու ընտրական արդիւնաւէտութիւնը, յատկապէս ներկայի անցուկ պայմաններուն մէջ:
Իր կարգին, Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքը շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին` անոր մաղթելով «համբերութիւն եւ յաջողութիւն` Լիբանանը ապահով ափ հասցնելու իր առաքելութեան մէջ»: Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը ընդգծեց Լիբանանի հայ կաթողիկէ համայնքին պատրաստակամութիւնը` «ծառայելու լիբանանեան հայրենիքին, ինչ որ կը նպաստէ ժողովուրդի միասնականութեան եւ պետութեան կերտումի ամրագրման»:
Նաեւ` Մամլոյ Պատուիրակութիւնը
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն երէկ ընդունեց նաեւ Տեղեկատուութեան Ազգային խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Ապտել Հատի Մահֆուզի: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին մամլոյ ազատութիւնն ու շինիչ քննադատութիւնը: Այս առիթով նախագահ Աուն դիտել տուաւ, որ ինք յաճախ քննադատութեան թիրախ կը դառնայ, որովհետեւ կը գործադրէ սահմանադրութիւնը: Ան անհրաժեշտ նկատեց, որ լրատուամիջոցները եւ առհասարակ մամուլը ըլլան ազատ ու անկեղծ: