Հայ լեզուն տունն է հայուն աշխարհիս չորս ծագերուն,
Ուր կը մտնէ ամէն հայ իբրեւ տանտէր հարազատ,
Կը ստանայ սէր ու սնունդ, սրտի հպարտ ցնծութիւն
Եւ բորեանէն ու բուքէն հոն կը մնայ միշտ ազատ:
Մուշեղ Իշխան
Մեր ոսկեղենիկ լեզուին մասին շատ են գրուած ու ըսուած խօսքերը: Շատեր հիւսած են անոր գովքն ու կարեւորած անոր դերն ու նշանակութիւնը: Հայերէնը աշխարհի հնագոյն լեզուներէն է: Որպէս հաղորդակցութեան կարեւոր միջոց եւ մշակոյթի ձեւ՝ հայոց լեզուն հայ ժողովուրդի ամենահին եւ ամենանուիրական ժառանգութիւնն է, անոր կեանքի կենդանի յիշատակարանը : Անոր մէջ արտացոլուած է մեր ժողովուրդի հազարամեայ պատմութիւնը՝ հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը:
Հայոց լեզուի հարստութիւններէն պէտք է համարել անոր երկու ճիւղերը՝ արեւելահայերէնն ու արեւմտահայերէնը: Դարէ մը աւելի երկարող պատմութեամբ Հայոց լեզուի երկու ենթաճիւղերը ապահովեցին հայ ժողովուրդի հոգեւոր սնունդը:
Մեծարենցներ, Սիամանթօներ, Վարուժաններ եւ Դուրեաններ հասցուցած արեւմտահայերէնը, սակայն, այսօր կը դիմագրաւէ դժուարին փորձութիւն մը: Քանզի, համաձայն Unesco-ի տուեալներուն՝ արեւմեահայերէնը աշխարհի վտանգուած լեզուներուն մաս կը կազմէ:
Հետեւաբար, ընդառաջելով Հայոց Ցեղասպանութեան Քուէյթի 100 ամեակի Յանձնախումբի առաջարկին, ընկերալեզուաբան Դոկտ. Արտա Պօյնէրեան-Ճէպէճեան, Երկուշաբթի, 9 Դեկտեմբերին, Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ հանդէս եկաւ «Հայ լեզուի պահպանումի մարտահրաւէրը սփիւռքեան իրականութեան մէջ» դասախօսութեամբ, որուն ընթացքին ներկայացուց վտանգուած լեզուներու մասին unesco-ի կատարած սահմանումներն ու Պէյրութի մէջ իր կատարած հայոց լեզուի մասին հարցախոյզի արդիւնքները:
Դասախօսութենէն առաջ, Քուէյթի 100 ամեակի Յանձնախումբի ատենապետ Պրն. Տիգրան Պայաթեան հակիրճ կերպով ներկայացուց Տիկ. Արտա Պօյնէրեան-Ճէպէճեանի կենսագրութիւնն ու մասնագիտական ուղին, ինչպէս նաեւ անոր մատուցելիք դասախօսութեան նիւթը:
Շուրջ մէկ ժամուան տեւողութեան ընթացքին Տիկ. Արտա ոչ միայն դիտել տուաւ արեւմտահայերէնին սպառնացող վտանգները, այլեւ որպէս ընկերալեզուաբան եւ հայ մարդ, առաջարկեց միջոցներ, դէմ կանգնելու այդ վտանգին եւ զարգացնելու մեր լեզուն: Միջոցներ, որոնք կ’ենթադրեն աշակերտներտ-ծնող համաձայնութիւն եւ գիտակցութիւն: Ան կարեւորութեամբ նշեց նաեւ, որ արեւմտահայերէնին տիրող վիճակը արդիւնք է համաշխարհայնացման եւ օտարին բարքերը ընդունելու մեր երիտասարդներու բուռն փափաքին: Հետեւաբար կոչ ըրաւ բոլոր ծնողներուն ըլլալ առաւել զգօն ու զգաստ, որպէսզի հետագայ սերունդը պահպանէ իր արմատները եւ չդառնայ աշխարհաքաղաքացի:
Արդարօրէն, Տիկ. Արտան, իր անմիջականութեամբ եւ ներկայացման իւրայատուկ ոճով տարբեր ուղղուածութեամբ մտածողներուն մօտ մտահոգութեան եւ հետաքրքրութեան ալիք բարձրացուց: Եւ դասախօսութեան աւարտին, մեծ սիրով ու անկեղծութեամբ լսեց անոնց կարծիքներն ու պատասխանեց հարցերուն:
Աւարտին խօսք առաւ Քուէյթի Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տէր Արտակ Քհնյ. Քէհեաեան, նշելով, որ բոլոր վտանգները, որոնք կը դիմագրաւենք, արդիւնք են մեր անտարբերութեան եւ սխալ վարմունքին: Հետեւաբար, Քահանայ Հայրը իր հերթին յորդորեց ըլլալ միասնական եւ դէմ կանգնիլ մեր ինքնութիւնը խաթարող բոլոր սպառնալիքներուն դէմ:
Նշենք նաեւ, որ Դիկտ. Արտա Պօյնէրեան-Ճէպէճեան նոյն նիւթով երկու դասախօսութեամբ հանդէս եկաւ Ազգային Վարժարանէն ներս, իր միտքերն ու մտահոգութիւնները կիսելով Վարժարանի երկրորդական բաժնի եւ 9-րդ դասարանի աշակերտութեան հետ:
ՃորՃ Արապաթլեան