Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Ընկերային նոր օժանդակութիւն  պետական մարզին եւ օրական փոխադրածախսը  95.000 լ. ոսկի

July 19, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Miqati pleased with expat voting process, hopes new MPs will achieve change

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ կէսօրէ ետք վարչապետարանին մէջ նախագահեց ելեւմտական տագնապի լուծման կարելիութիւնները սերտող նախարարական յանձնախումբի նիստին:

Հիմնականին մէջ քննարկուեցաւ պետական մարզի պաշտօնեաներուն յայտարարած բաց գործադուլը:

Նիստին ընթացքին Միքաթի շեշտեց, որ պետական գանձարկղին պարզած դժուար կացութեամբ հանդերձ ամէն ջանք ի գործ կը դնեն գոյատեւելու եւ պետական մարզի պաշտօնէութեան աշխատանքին շարունակականութիւնը ապահովելու` նկատի ունենալով, որ անոնք պետութեան հիմնասիւնը կը նկատուին:

Միքաթի շեշտեց, որ հակառակ իր արդարացի եւ օրինական ըլլալուն, գործադուլը մնայուն լուծում մը չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ անիկա կ՛անդամալուծէ պետութեան ամբողջ աշխատանքը, ինչպէս նաեւ կը կասեցնէ բոլոր ներդրումները, որոնք կ՛երաշխաւորեն պաշտօնեաներուն ընկերային պայմաններուն բարելաւումն ու աշխատավարձի յաւելումը: «Հետեւաբար նոյն օղակին մէջ պիտի մնանք ու դառնանք», ըսաւ ան:

Միքաթի խոստացաւ այս նիստին եւս նոր որոշումներ տալ եւ պետական պաշտօնեաներուն իրավիճակը բարելաւել, սակայն առանց անոնց բոլոր պայմաններուն ընդառաջելու, որովհետեւ անիկա կարելի չէ եւ կրնայ աւելի եւս քանդել տիրող կացութիւնը:

Նիստէն ետք աշխատանքի նախարարի պաշտօնակատար Մուսթաֆա Պայրամ յայտնեց, որ համաձայնութիւն գոյացաւ պետական մարզի բոլոր պաշտօնեաներուն միջեւ հաւասարութիւնը պահել եւ առանց խտրութեան վարուիլ անոնց հետ:

Պայրամ ընդգծեց, որ համաձայնութիւն գոյացած է պետական մարզի աշխատանքը շարունակել` շեշտելով, որ ամբողջական լուծումը պիտի ապահովուի պետական ամավարկը վաւերացնելու ընդմէջէն:

Պայրամ հաստատեց, որ նիստին ընթացքին շեշտուած է, թէ պետական մարզի պաշտօնեաներուն պահանջները իրաւացի են` նշելով, որ անոնց ամսական աշխատավարձը կրկնապատկելու կարելիութիւնը քննարկուած է, սակայն պետական ամավարկի վաւերացումէն ետք:

Պայրամ յայտնեց, որ հրապարակուած է արտակարգ շրջաբերական մը, որուն հիման վրայ ամսական յաւելեալ աշխատավարձ մը իբրեւ ընկերային օժանդակութիւն պիտի տրամադրուի պետական մարզի բոլոր պաշտօնեաներուն, սկսեալ յուլիս ամիսէն:

Ան հաստատեց, որ դատաւորներուն ամսական աշխատավարձը 8000 լ. ոսկի փոխարժէքի հիման վրայ տրամադրելու որոշումին գործադրութիւնը կասեցուած է` յարգելու համար պաշտօնեաներուն միջեւ հաւասարութիւնը:

Ան աւելցուց նաեւ, որ պետական պաշտօնեաներուն տրամադրուելիք օրական փոխադրածախսը 95.000 լ. ոսկի պիտի ըլլայ:

Պայրամ շեշտեց, որ իրենք պիտի չարտօնեն, որ պետական մարզը փուլ գայ:

Previous Post

Իսամ Նաժի. «ֆիլմիս գլխաւոր պատգամը հայութիւնը միացած տեսնելն Է»

Next Post

Ռուսիոյ արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան ղեկավարը` Երեւանի մէջ. «Ռուսիա ունի բաւարար ուժեր եւ միջոցներ` դժուար պահերուն իր դաշնակիցներն ու ընկերները պաշտպանելու համար»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.