Յարութիւն Իսկահատեան- Պէյրութ – ՊԱՅՔԱՐ 288
Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակէն մօտ յիսուն տարիներ առաջ, Հայակական Հարցը իր բոլոր երեսներով արդէն գիտականօրէն քննարկուած էր ոչ-հայ ուսումնասիրող գիտնականներու կողմէ Աշխարհի չորս կողմերը: Լիբանանցի հանրածանօթ փաստաբան եւ քաղաքական գործիչ Մուսա Փրենս (1925-1998) այն օտար դէմքերէն է, որ կանուխէն անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան ու զայն քննարկած մասնաւորաբար իրաւագիտութեան հիմունքով: Իր «Չպատժուած Ցեղասպանութիւն Մը – Հայասպանութիւնը- Մարդկութեան Դէմ Գործուած Ոճիրներու Ծիրէն Ներս», Ֆրանսերենէ հայերէն Թարգմանութեամբ Երուանդ Տ. Գարաճեանի, “Հայ Պայքար” Մատենաշար “Արարատ” օրաթերթի, Պէյրութ, 1987, փոքր չափի 146 էջ (Un génocide impuni – L’Arménocide»-) գիրքին մէջ, որ պատրաստած է իր տիկնոջ՝ Մարի-Անժ Մ. Փրենսի գործակցութեամբ, ինչպէս վերնագիրն իսկ ցոյց կու տայ, ան հեղինակած է իրաւագիտական նոր եզրոյթ մը՝ «Հայասպանութիւն» բառը, որ հայկական շրջանակները անուշադրութեան մատնեցին փոխանակ զայն լայն շրջանառութեան մէջ մտցնելու…
1965-ին Փարիզի մէջ տեղի ունեցած «Ոճրային Կանխարգիլման Միջազգային Բ. Համաժողով»ին, Մուսա Փրենս ներկայացուցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ուր կոչ ուղղած է համաժողովի մասնակիցներուն Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ որդեգրելու, ինչպէս նաեւ ցեղասպանական ոճիրներու կանխարգիլման միջոցներ թելադրած: Անոր վերոնշեալ աշխատութիւնը մանրամասն քննարկում մըն է Հայոց Ցեղասպանութեան պատճառներուն, եղելութեան եւ հետեւանքներուն, ինչպէս նաեւ աշխատանք մը՝ նման ոճիրներ կանխարգիլելու:
Գիրքին Ներածականին սկիզբը Մուսա Փրենս եւ Մարի-Անժ Մ. Փրենս ընթերցողին կը յիշեցնեն Օսմանեան Պետութեան ներքին գործոց նախարար Թալաաթի հրամանը Հալէպի կուսակալին որ կը հրամայէ. «Ամբողջովին բնաջնջել Թուրքիոյ հայերը…: Անոնց գոյութիւնը պէտք է վերջ գտնէ, որքան ալ ոճրային ըլլան միջոցառումները»: Հոն կը մէջբերուի նաեւ լեհերը բնաջնջելու Հիթլերի հրամանին բովանդակութիւնը, որուն վերջաւորութեան ջարդարար բռնակալը կ՛ըսէ. «Ի վերջոյ ո՞վ կը յիշէ այսօր հայոց բնաջնջումը»:
Հայոց դէմ կատարուած աննկարագրելի բարբարոսութիւններու, խոշտանգումներու եւ սպանութիւններու իրողութեան դիմաց Մուսա Փրենս կ՛ըսէ. «Ո՞ւր կ՛երթաս մարդկութիւն» եւ «Անոնք որոնք ականջ ունին, թող լսեն…», երկրորդը մէջբերելով Աստուածաշունչէն: Հեղինակը կը դատապարտէ հայ ազգին դէմ թուրքերու կողմէ գործուած Ցեղասպանութիւնը յուսալով, որ իր ընդվզումի խօսքը լսելի կը դառնայ աշխարհին:
Հայասպանութիւնը հաւաքական ոճիր մըն է «գործուած էակներու կողմէ, որոնք կը հաւակնին տիրացած ըլլալ մարդու կոչումին: Անոնք կորսնցուցած են մարդկայինի իմաստը եւ կ՛ուզեն ոչնչացնել մարդկայինը իրենց զոհերուն մէջ», կ՛ըսէ Փրենս աւելցնելով՝ «Անոնք կը վարուին անասուններու պէս եւ կը կիրարկեն անտառի օրէնքը»:
Մուսա Փրենս միջազգային ընտանիքը գիտակցութեան եւ զգաստութեան կը հրաւիրէ Հայոց Ցեղասպանութեան հանդէպ: Ըստ անոր զգաստութիւնը իր կարգին ծնունդ կու տայ խօսելու ճշմարիտը: Ան կը մէջբերէ Հենրի Պերոյի խօսքը այս մասին. «Երբ պարտականութիւնը կը հրամայէ խօսիլ, լռութիւնը վատութիւն է եւ ստախօսութիւնը դաւաճանութիւն»:
Մուսա Փրենսի համար անկարելի է Հայասպանութիւնը թողուլ առանց պատիժի, իսկ Ցեղասպանութեան կանխարգիլման առաջին քայլը Հայասպանութեան հետեւանքներուն դարմանումն է: Արդարութեան գործադրումը կարեւոր հրամայական է, նոյնիսկ հիմա՝ աւելի քան հարիւր տարի անց Հայոց Ցեղասպանութենէն: Ցեղասպանութիւնը մոռացութեան տալը ո՛չ միայն դարման չէ, այլեւ կը խորացնէ հարցը եւ աւելի կնճռոտ կը դարձնէ զայն, քանի որ կը գտնուինք նոր ցեղասպանութեան վտանգի առջեւ: Ներումը առանց լրիւ հատուցման` նոր ոճրագործութիւն մըն է ինքնին:
Այս հարցի դարմանումին լուծումը կը բխի անոր տրամաբանական եւ մարդկային տեսանկիւններով մօտեցումէն, որովհետեւ թէեւ Հայասպանութեան հեղինակները այս աշխարհէն հեռացած են, սակայն անոնց գաղափարաբանութիւնը տակաւին կ’իշխէ թուրք ժողովուրդի միտքին մէջ: Այս պատճառաւ Հայասպանութիւնը կը շարունակուի մինչեւ մեր օրերը:
Մուսա Փրենս յստակօրէն կ’ընդգծէ հայ ցեղին արժանիքներու պահպանման կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ հայութեան ունեցած արուեստի եւ մշակոյթի ժառանգութիւնը, որ մարդկութեան նուաճումներուն անանջատելի մասը կը կազմէ:
Վերջին տարիներուն՝ մանաւանդ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի առիթով ժամանցումի պարագան բերնէ բերան շատ շրջագայեցաւ ժողովրդային եւ որոշ մտաւորական խաւերու մէջ, սակայն ոչ մէկ թրքական պաշտօնական հեղինակութիւն համարձակութիւնը ունեցաւ ժամանցումը յիշելու, որովհետեւ անոնք լաւ գիտեն թէ արդարութեան կիրառումը չի կրնար կասեցուիլ: Մուսա Փրենս այս հարցին վերաբերեալ կը գրէ. «Թուրքերը եւ անոնց մեղսակիցները այսօր կը խօսին ժամանցումի մասին: Այդ ժամանցումը չի կրնար կասեցնել մարդկային արդարութեան ընթացքը» (էջ 113): Ժամանցումի մասին թուրքերու եւ անոնց մեղսակիցներուն ցաբռտուքները բոլորովին անհետացան՝ երբ աւելի ցայտուն դարձան նոր ազդակներ, ինչպէս օրինակ իսլամացած հայերու` արդի չափանիշներով մեծ կարեւորութիւն ստացած պարագան եւ Հայոց հայրենիքի գրաւեալ հատուածներուն մէջ հայկական մշակութային կոթողներու վկայութիւնները: Ասոնց մասին սկսան արտայայտուիլ նոյնիսկ միջազգային լրատուական միջոցները:
Շատ կարեւոր է ուրիշ նորայայտ փաստ մը` թուրք մտաւորականներու կողմէ ո՛չ միայն ճանաչումը Հայասպանութեան, այլեւ վկայո՛ւմը անոր մասին ու ներում խնդրելը, նոյնիսկ թրքական իշխանութեան կողմէ բռնադատուելու գինով: Այս եւ շատ ուրիշ պատճառներով, ժամանցումի մասին թուրքերու եւ անոնց մեղսակիցներուն լարախաղացութիւնները բոլորովին յօդոս ցնդած են:
Յստակ է թէ Ցեղասպանութեան Ոճիրի Կանխարգիլման եւ Անոր Համար Պատիժի Պայմանագրութիւնը (The Convention on the Prevention and Punishment of the Crime of Genocide) բանաձեւը ընդունուեցաւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կողմէ 9 Դեկտեմբեր 1948-ին` թիւ 260-ի տակ: Պայմանագրութիւնը գործադրութեան մէջ դրուեցաւ 12 Յունուար 1951-ին (աղբիւրը` Wikipedia, The Free Encyclopedia): Այս փաստաթուղթը կիրարկելի է նաեւ հայոց նկատմամբ կատարուած Ցղասպանութեան համար:
Թրքական երեք իշխանութեանց՝ սուլթան ապտիւլհամիտեան, իթթիհատական եւ քեմալական վարչակարգերու կողմէ հայոց դէմ ի գործ դրուած Հայասպանութիւնը ոճիր մըն է, որ կը շարունակուի մինչեւ այսօր, հայոց արդարացի իրաւունքները բռնաբարելէ բացի` առնուազն հայկական արուեստի եւ մշակոյթի մարզերուն մէջ: Թուրքիոյ մէջ ապրող հայերը իրենց ազգային դիմագիծն ու ինքնութիւնը կորսնցնելու վտանգին առջեւ կը գտնուին: Նոյնն է պարագան հայկական Սփիւռքի մէջ ապրող հայոց, որոնց տարագրուած նախնիները ակամայ յայտնուած են այդ վայրերուն մէջ` Ցեասպանութեան պատճառով: Նշեալ Պայմանագրութիւնը կը ձգտի արգիլել ազգի մը բռնի բնաջնջումը: Սակայն մինչ մարմնապէս բնաջնջումը դադրած է ներկայիս, դժբախտաբար կը շարունակուի անհատականութեան դիմափոխութիւնը՝ ազգային ինքնութեան բնաջնջումը, այսինքն կը շարունակուի հայ անհատին եւ հաւաքականութեան` իրենց սեփական հայրենիքին եւ ազգին նկատմամբ ունեցած հոգեկան կապերուն, ապրումներուն ու խոհերուն վերացումը, նկատել կու տայ հեղինակը:
Մուսա Փրենս ամէն առիթով կը պոռթկայ մարդկային անարդարութեան դէմ: Ան ընդվզումով կը գրէ. «Երբեք պէտք չէ մոռնանք, որ կան ոճիրներ որոնք անպատիժ մնացած են մինչեւ հիմա»: Ըստ լիբանանցի օրէնսգէտ մտաւորական գործիչին, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը պէտք է դատէ թուրքերը մեր աչքերուն առջեւ եւ հատուցում ընէ հայոց: Վրիժառութիւնը մէկդի պէտք է դրուի: Ժամանակը հասած է երբ Միացեալ Ազգերը պէտք է հասկնան արդարութեան իմաստն ու արժէքը եւ կիրարկեն զայն: Եւրոպան աշխատեցաւ մոռնալ Հայասպանութիւնը եւ այդ պատճառաւ ցեղասպանութիւնը շարունակուեցաւ տարբեր անուններով ու տարբեր վայրերու մէջ: Հիմա մարդիկ անիրաւը ատելէ աւելի ուշադրութիւն պէտք է դարձնեն սիրելու անիրաւուածն ու զոհը, գուրգուրալու անոնց վրայ ու աշխատին անոնց ցաւերը դարմանել: Մուսա Փրենս մարդկութիւնը կը զգուշացնէ որպէսզի «Հայկական սուգը չվերածուի արդարութեան, յոյսի եւ ճշմարտութեան թաղումի սուգին»:
Նիւրենպերկի դատարանը արդար գտնուեցաւ զոհերուն հանդէպ` շնորհիւ հետախուզող միտքերու, փորձառու իրաւաբաններու եւ անկողմնակալ քննադատներու: Հայասպանութեան պարագային հարցը մնաց բացարձակ անպատժելիութեան ծիրին մէջ:
Ուստի պէտք է պատրաստուի մարդկութեան դէմ ոճիրներու կանխարգիլման ընդհանուր ծրագիր մը` մասնաւոր ուշադրութիւն դարձնելով Հայասպանութեան: Բնաւ պէտք չէ զգացուի կարիքը նոր ջարդի մը կամ ջարդերու ականատես ըլլալու` վճռական որոշում մը տալու համար, թէ «բան մը կայ ընելիք»: Ցեղասպանութեան պատճառները խորապէս ուսումնասիրելով` կարելի կ’ըլլայ լուծումի ընդհանուր տարազ մը գտնել: Այս տարազը միայն գիտական հետազօտութիւններու եւ ապրուած փորձառութիւններու արդիւնք կրնայ ըլլալ: Տարբեր ազգեր պէտք է գան իրարհասկացողութեան եւ փոխադարձ զիջումներ ընեն` խուսափելու համար անբաղձալի դէպքերէ: Մարդկութեան դէմ ոճիրները մէկ օրէն միւսը տեղի չեն ունենար: Մարդիկ ժամանակի ընթացքին իրենց մէջ ոխ եւ ատելութիւն կը կուտակեն` գետին պատրաստելով գալիք եղելութիւններու: Ուրեմն բնականաբար կոտորածներու առաջքը առնելու եւ հարցերը խաղաղ ուղիներով լուծելու ժամանակ կը գտնուի: Ցեղասպանութեան նենգ հոգեբանութեան դէմ պայքարելու համար` մարդկութիւնը պէտք է հետեւի «զիրար աւելի լաւ ճանչնալու, հետեւաբար զիրար աւելի սիրելու» փիլիսոփայութեան, կ՛ըսէ Փրենս:
Հասարակութիւնը կամ հանրային կարծիքը երբեմն սխալ կողմնորոշում կ’որդեգրէ յանցաւորութեան եւ անոր համար պատասխանատուութեան մասին: Այս երեւոյթին մէջ մեծ դեր կը խաղայ ապատեղեկատուութիւնը, որ դիտաւորեալ սուտ լուրեր կը սփռէ ու մարդիկը կը մոլորեցնէ: Այս մասին Մուսա Փրենս կ’ըսէ. «Յաճախ հակամէտ կ’ըլլանք աչք գոցելու, որովհետեւ կա՛մ զոհարարները բարեկամ են, կա՛մ զոհերը»: Դժբախտաբար ցեղասպանութիւնը մինչեւ օրս իբրեւ զէնք կը գործածուի միջազգային թէ ազգային մակարդակներու վրայ մղուող ճակատամարտերու մէջ:
Մուսա Փրենս իրաւագիտութեան առընթեր հեռազգայուն հոգեվերլուծող ըլլալով համոզուած է, որ ցեղասպանութեան հեղինակները շատ յաճախ քանի մը հոգեբանական բարդոյթներու տէր յանցագործներ կամ ոճրագործ քաղաքագէտներ են: Մինչեւ օրս Թուրքիա ցոյց չէ տուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտելու իր մտադրութիւնը: Այս ուղղութեամբ ան բնաւ ցանկութիւն չէ յայտնած, այլ ընդհակառակը՝ կիրքեր հրահրած է եւ նոր գրգռութիւններ յառաջացուցած: 1955-ին Թուրքիոյ վարչակարգը կազմակերպեց Կ. Պոլսոյ յոյներու եւ հայոց կողոպուտն ու մասնակի ջարդը: 1960-ին ան երկրին մէջ լրբօրէն կանգնեցուց դահճապետ Թալաաթի արձանը: Ամէն մարդ կը գիտակցի, որ եթէ Թուրքիա այդ ուրացման արարքները չկատարէր, այլ փոխարէնը զղջումով ու Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումով իր մեղքերը քաւելու ուղիով ընթանար, միջազգային ընտանիքին մէջ իր վարկը պիտի բարձրանար:
Մուսա Փրենս մատը վէրքին վրայ դնելով կը հաստատէ. «Հայ ազգը պէտք է վերատիրանայ իր իրաւունքներուն. թուրքերը չեն կրնար եւ պէտք չէ մերժեն նման դարմանում մը, եթէ չեն ուզեր ազատ ու քաղաքակիրթ աշխարհէն դուրս ձգուիլ: «Խոստովանուած յանցանք մը կիսով ներումի արժանացած կ’ըլլայ» կ’ըսէ առածը»: Ապա ան կը հարցադրէ. «Դարմանուած յանցանք մը ամբողջովին ներումի արժանացած պիտի չըլլա՞յ» (էջ 115): Այս մերժումին պատճառաւ, ի շարս այլ պատճառներու, Թուրքիա Եւրոպական Միութեան դարպասէն ներս գործելու կը սպասէ … կէս դարէ ի վեր, եւ հակառակ իր բազում ջանքերուն` զինք ներս ընդունելու տրամադիր գրեթէ ոչ մէկ եւրոպական երկիր կայ: