Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ բանակցութիւններու շնորհիւ ազրպէյճանական կողմը ետ քաշած է իր ստորաբաժանումները Արցախի Փառուխ գիւղէն: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է: «Կայացած բանակցութիւններուն շնորհիւ ազրպէյճանական կողմը իր ստորաբաժանումները ետ քաշած է Փառուխ բնակավայրէն», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Աւելի կանուխ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը յայտնած էր, թէ խիստ մտահոգուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ լարուածութեան աճով:
«Խիստ մտահոգուած ենք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ լարուածութեան աճով: Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտի զինեալ ներխուժման եւ զինադադարի խախտման փաստերը, որոնք նշուած են Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան 26 մարտի հրապարակած տեղեկագիրին մէջ, կը հակասեն Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու` 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան կէտերուն», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած է, որ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը քայլերու կը ձեռնարկէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կացութեան լարուածութիւնը մեղմացնելու ուղղութեամբ:
Ռուսիան կողմերուն կոչ ուղղած է զսպուածութիւն դրսեւորելու եւ ապահովելու Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու եռակողմ համաձայնութիւններու կատարումը:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր կարգին հաղորդագրութիւն հրապարակած է` շեշտելով, որ 24-25 մարտին Ազրպէյճանը խախտած է 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան կէտերը:
«Արմէնփրես»-ի համաձայն, հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ 24 եւ 25 մարտին Ազրպէյճանի զինեալ ուժերը, խախտելով Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու` 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան կէտերը, մտած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտի եւ դիտակէտ տեղադրած: Փառուխ գիւղի հատուածին մէջ «Պայրաքթար-Թի.Պի. 2» տեսակի անօդաչու թռչող սարքերէն 4 հարուած հասցուած է Լեռնային Ղարաբաղի զինուած կազմաւորումներու ստորաբաժանումներուն», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:
Կը նշուի, որ այս պահուս ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութեան կողմէ քայլերու կը ձեռնարկուին կացութիւնը կարգաւորելու եւ զօրքերը ելման դիրքեր վերադարձնելու ուղղութեամբ: «Ազրպէյճանական կողմին զօրքերը ետ քաշելու կոչ ուղղուած է», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: