ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան Ֆրանսիս պապին ներկայացուց հայկական կողմի գերիներուն նկատմամբ ատրպէյճանական խոշտանգումները:
Այս մասին կը տեղեկացնեն մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմէն՝ նշելով, որ հանդիպումէն առաջ Վատիկանի ծառայութիւնը տեղեակ պահուած է, որ պապին հետ անհատական ձեռքսեղման ընթացքին երկխօսութիւն գրեթէ պիտի չըլլայ, կարելի է միայն ողջունել՝ 1-2 վայրկեան առաւելագոյն տեւողութեամբ:
«Երբ սրբազան քահանայապետը մօտեցել է Հայաստանի մարդու իրաւունքների պաշտպանին, Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը ներկայացրել է վերջինիս եւ ասել, որ Արման Թաթոյեանը յատուկ խօսք ունի ասելու: Այդ պահին, նախ, երախտագիտութիւն է յայտնել պապին Արցախի դէմ Ադրբեջանի սանձազերծած պատերազմական յարձակումները դադարեցնելու, Ադրբեջանում պահուող հայ գերիներին ազատ արձակելու վերաբերեալ յայտարարութիւնների համար», կը նշեն Թաթոյեանի գրասենեակէն։
Այնուհետեւ Արման Թաթոյեան յայտնեց, որ հայ գերիներուն մէկ մասը կեանքի սպառնալիքի տակ է եւ անօրինական կերպով կը պահուի Ատրպէյճանի մէջ, ան նաեւ խօսեցաւ Հայաստանի սահմանային բնակչութեան դէմ ատրպէյճանցիներու խախտումներուն մասին: Ան նաեւ պապին յանձնեց իր ըսածները ապացուցող զեկոյցներ։
Ժապը առաւ զեկոյցները, բացաւ, թերթատեց եւ տեսաւ նաեւ դաժանութիւններուն վերաբերող նկարները: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց այդ կարեւոր զեկոյցներուն համար՝ նշելով, որ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին հետ քննարկած են այդ հարցը։ Ըստ Մարդու իրաւունքներու գրասենեակին՝ պապը յանձնարարեց իր օգնականին՝ ուսումնասիրել եւ իրեն առանձին ներկայացնել զեկոյցներուն բովանդակութիւնը։
Ներկայացուեցան երեք զեկոյցներ. առաջինը, այսպէս կոչուած «Ռազմավարի պուրակ»ին մասին է, որ մարդկային տառապանքներու թանգարան է բաց երկինքի տակ, եւ որուն հիմքը հայատեացութիւնն է: Զեկոյցը կը փաստէ, որ այդ պուրակը աւելի կը խրախուսէ ատելութիւնը:
Երկրորդ զեկոյցը Ատրպէյճանի պատասխանատուութեան մասին է՝ հայ գերիները խոշտանգելու. հոն կան հիմնաւոր ապացոյցներ, իսկ երրորդը՝ գերիներու ցուցմունքները քրէական գործի հիմք ծառայեցնելու մասին է: Զեկոյցը կը հիմնաւորէ, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները հայ գերիներու նկատմամբ անօրինական քրէական դատավարութիւններ յարուցած են՝ այն ցուցմունքներուն հիման վրայ, զորս ստացած են խոշտանգումներով եւ անմարդկային վերաբերմունքով: