ՀՀ կառավարութիւնը հետեւողականօրէն պիտի երթայ ժողովուրդէն գողցուած իւրաքանչիւր միջոցի ետեւէն: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, Մեղրիի մէջ բնակիչներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
«Բոլորը չենք կրնար ձերբակալել, բայց հերթով անոնց, որոնք ժողովուրդէն գողցած են, պէտք է ձերբակալել: Ինծի համար խայտառակութիւն պիտի ըլլայ, որ իմ իշխանութեան օրով որեւէ մէկը քաղբանտարկեալ ըլլայ, մեզի համար կարեւորը արժէքներն են, օրինականութիւնն է, մենք չենք պատրաստուիր ուրիշի թալանը մեր թալանով փոխարինելու, մենաշնորհը՝ մեր մենաշնորհով փոխարինելու: Մենք կը պատրաստուինք օրէնքի տառին համապատասխան ժողովուրդէն գողցուած ամէն կոպեկի ետեւէն երթալու եւ համոզուած եղէք, որ պիտի երթանք»,- ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան:
Անոր խօսքով՝ կառավարութիւնը ամէն ջանք պիտի գործադրէ, որ ՀՀ-էն գողցուած ամէն կոպեկ վերադարձուի պետական պիւտճէ, եւ ասիկա ընելու համար իշխանութիւնները ունին ժողովուրդի աջակցութեան կարիքը: «Որքան պինդ կանգնած մնաք այս գործընթացին կողմը՝ մենք հետեւողականօրէն պիտի երթանք առաջ, ոչինչի առջեւ պիտի չկանգնինք: Ձեզմէ իւրաքանչիւրի առջեւ ունինք պարտաւորութիւններ, որ մենք թալանուածը պիտի վերադարձնենք հետեւողականօրէն, անկախ թալանողի անուն ազգանունէն»,- ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան: