Թալիպան շարժումը պիտի ուզէր լաւ յարաբերութիւններ ունենալ Միացեալ Նահանգներու հետ: «Արմէնփրես» յղում կատարելով ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան, հաղորդեց որ սոյն յայտարարութիւնը կատարած է շարժումի բանբեր Զապիհուլլա Մուժահետը:
«Մենք Միացեալ Նահանգներու հետ լաւ յարաբերութիւններ կ՛ուզենք», յայտնած է ան, պատասխանելով Աֆղանիստանի «1Թի.Վի.» կայանի լրագրողին մէկ հարցումին: Մուժահետ աւելցուցած է. «Աֆղանիստանը անկախութիւն ստացաւ այն բանէն ետք, երբ ամերիկեան զօրքերը հեռացան երկրէն»:
«Միացեալ Նահանգներ պարտուեցաւ եւ չհասաւ իր նպատակներուն», ըսած է ան:
30 օգոստոսին, Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերու կեդրոնական հրամանատարութեան ղեկավար զօր. Քենեթ ՄքՔենզի յայտնեց, որ ամերիկացիները Աֆղանիստանէն դուրս բերած են իրենց զօրքերը:
Այդ յայտարարութենէն ետք բուռն կրակոցներ տեղի ունեցան Քապուլի մէջ, իբրեւ ուրախութեան նշան: