Վերջին օրերու, եթէ ոչ վերջին ժամերու դատական զարգացումները որոշ հարցականներ կը ստեղծեն Թայյունէի զինեալ բախումներու թղթածրարին շուրջ բացուած հետաքննութեան գծով: Արդարեւ, բանակի գաղտնի սպասարկութեանց տնօրէնութիւնը երէկ հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, որ Թայյունէի դէպքերուն գծով հետաքննութիւնը աւարտած է, եւ կասկածելիներու ցանկը փոխանցուած է Զինուորական ընդհանուր դատախազութեան:
Այս գծով Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ դատաւոր Ֆատի Աքիքի 68 կասկածելիներու ցանկ մը պատրաստած է առ ի հարցաքննութիւն Թայյունէի դէպքերուն գծով` հիմնուելով արդէն իսկ արգելափակեալ 18 կասկածելիներու խոստովանութիւններուն հիման վրայ: Ըստ լրատուական կարգ մը աղբիւրներու, ձերբակալեալներէն 17-ն անդամ կամ համակիր են Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան: «Իրթիքազ» լրատուական կայքի տնօրէն, լրագրող-մեկնաբան Սալեմ Զահրանի կարծիքով` ձերբակալեալ կասկածելիները վտանգաւոր խոստովանութիւններ կատարած են` դէպքերուն պատասխանատուութիւնը վերագրելով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի կողմէ իրենց ուղղուած հրահանգներուն: «Անոնք Թայյունէի դէպքերէն մէկ գիշեր առաջ տեղակայուած են Թայյունէի եւ մերձակայ թաղամասերուն մէջ եւ յարձակում կատարած քաղաքացիներուն դէմ` երկպառակութեան հրահրման նպատակով»:
Այս մթնոլորտին մէջ Զինուորական վերադատ ատեանը երէկ կոչ ուղղեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահին դատարան ներկայանալու վաղը` չորեքշաբթի, 27 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 9:00-ին, լսելու համար իր վկայութիւնը Թայյուննէի դէպքերուն գծով:
Ժահժահի ուղղուած այս կոչը դուռ բացաւ զանազան հակազդեցութիւններու եւ մեկնաբանութիւններու: Այս իրադարձութեան անդրադառնալով` երեսփոխան Շաուքի Տաքքաշ այցելեց Պքերքէ եւ խորհրդակցեցաւ Թայյունէի դէպքերու նորագոյն զարգացումներուն շուրջ: Տաքքաշ ըսաւ, թէ` «այսօր կը սկսի նոր փուլ մը», վերահաստատելով Ռայի պատրիարքի այն յայտարարութիւնը, թէ «իրենք կը մերժեն Թայյունէի դէպքերու թղթածրարը փոխանակել Պէյրութի նաւահանգիստի հետաքննութեան թղթածրարով»: «Լիքաա Սայիտաթ Ժապալ» համախմբումի նախագահ, նախկին երեսփոխան Ֆարես Սուէյտ կոչ ուղղեց «նախագահ Աունի եւ վարչապետ Միքաթիի հրաժարման եւ լիբանանեան հարցի միջազգայնացման»: Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխաններէն Ժորժ Օքէյս կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն` «փութալ հայրենիքի օգնութեան»: «Վաղը, երբ արտաքսուիք, մոռցուիք, տեղահանուիք, մի՛ այպանէք ձեր ճակատագիրը, այլ` այպանեցէ՛ք ձեր լռութիւնը երբ կրնայիք խօսիլ, այպանեցէ՛ք ձեր ձեռնածալ մնալը, երբ կրնայիք շարժիլ, այպանեցէ՛ք ձեր աչքերը, երբ կրնայիք իրողութիւնները տեսնել», նշեց Օքէյս «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ կատարած գրառումով:
Նաեւ` Հըզպալլայի Ընդհանուր Քարտուղարին Դէմ
Փոխադարձաբար, Այն Ռըմմանէի շրջանէն կարգ մը բնակիչներ դատական հայց յարուցեցին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի դէմ` իրենց բնակարաններուն եւ անշարժ գոյքերուն վրայ յարձակումներու հրահրման մեղադրանքով:
Միւս կողմէ, Հըզպալլայի երեսփոխան, Դիմադրութեան պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ «Լիբանանի դատական համակարգը վերատեսութեան կը կարօտի»: