«Թարաֆ» թերթը հրատարակած է թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամի նոր մէկ յօդուածը, որ կը կրէր «Մուսթաֆա Քեմալ եւ 2015» խորագիրը, եւ որուն մէջ Թաներ Աքչամ դարձեալ հայերու ի նպաստ նուրբ մեկնաբանութիւններ կ՛ընէր: Յօդուածին տուն տուող հարցը վարչապետ Էրտողանի կողմէ Տիգրանակերտի մէջ արտասանուած «Քիւրտիստան» անունն էր: Վարչապետ Էրտողան Քիւրտիստան բառին գործածութիւնը արդարացուցած էր մէջբերումներ ընելով Մուսթաֆա Քեմալէն:
Աքչամ, այս կէտէն մեկնելով, հարց կու տար, որ եթէ Քիւրտիստան անունին գործածութիւնը կ՛արդարացուէր Մուսթաֆա Քեմալի խօսքերով, նոյնը կարելի չէ՞ր ընել 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան հարցին մէջ: Այսինքն վարչապետը չի՞ կրնար իթթիհատականները, կամ այդ շրջանի հրոսախումբերն ու ոճրագործները ամբաստանել որպէս ոճրագործ եւ ընդունիլ, որ 1915-ին հայերու դէմ ահաւոր ոճիրներ գործուեցան եւ այդ ոճիրներուն նպատակն էր ամբողջ ժողովուրդ մը ոչնչացնել: Վարչապետը, եթէ այսպիսի արտայայտութիւն մը ունենար եւ եթէ անոր դէմ առարկութիւններ կատարուէին, այն ատեն կրնար իր խօսքերը արդարացնել դարձեալ Մուսթաֆա Քեմալէն մէջբերումներ ընելով:
Այս նիւթի կապակցութեամբ Թաներ Աքչամ աւելի կը յստակացնէ իր խօսքը եւ իբրեւ օրինակ կը յիշէ «Մինպեր» անուն թերթ մը, որ հրատարակուած էր Աթաթիւրքի մօտիկ ընկեր Ֆերհի Օքեարի եւ Աթաթիւրքի կողմէ միասնաբար: Այս թերթը 1 նոյեմբեր 1918-ին հրատարակուեցաւ եւ 51 թիւ վերջ փակուեցաւ: Այս թերթին մէջ ընդհանրապէս կը հրատարակուէին անստորագիր կամ ծածկանուններով ստորագրուած յօդուածներ:
Յայտնի չէ, թէ Մուսթաֆա Քեմալ ո՞ր յօդուածները գրի առած է: Բայց ի վերջոյ այս թերթը անոր թերթն էր եւ հոն յայտնուած գաղափարները կրնանք իրը նկատել: Օրինակ, 6 նոյեմբերի թիւին մէջ շատ ծանր արտայայտութիւններ կային այն իթթիհատականներուն մասին, որոնք խոյս տուած էին երկրէն:
Աքչամ կը յիշեցնէ, թէ այս թերթին կողմէ հրատարակուած գրութեան մէջ իթթիհատականները կը նկատուին հրոսախումբեր, եւ կ՛ըսուի, որ հայերու դէմ կատարուածը «աղէտ է» եւ աններելի վերաբերմունք:
Թաներ Աքչամ նոր թրքերէնի վերածելով` ամբողջովին կու տայ վերոյիշեալ յօդուածին պատճէնը: Հոն մայր գաղափարն այն է, թէ կարելի չէ ժողովուրդ մը մէջտեղէն վերցնել, նոյնիսկ եթէ այդ ժողովուրդը երեք հոգիէ կը բաղկանայ, եթէ այդ ժողովուրդը ունի լեզու մը, գրականութիւն մը եւ իր ընկերային ինքնութիւնը: Իր այս յատկութիւններով ան ազգ մըն է, եւ սեղանի մը գլուխը հաւաքուած քանի մը հոգի չի կրնար այդ ազգը մէջտեղէն վերցնել: Մնաց որ, ոեւէ մէկը, կ՛ուզէ նախարար ըլլայ կ՛ուզէ տարբեր ղեկավար կամ հրոսախումբի անդամ, ո՛չ մէկը իրաւունք ունի ուրիշ ազգի մը մասին խօսելու: Եթէ ազգ մը գիտակից է իր ինքնութեան, որքան ալ տկար ըլլայ ան, մէջտեղէն չի վերնար:
Յօդուածը այսպէս կը շարունակուի: Անոնք, որոնք երէկ իրենց պաշտօնները ձգելով խոյս տուին երկրէն (իթթիհատականները), անոնք իրենց պատմութեան դէմ ամենածանր եւ ամէնէն աններելի պատասխանատուութիւններէն մէկը ունեցան հայ ազգի դէմ իրենց ցուցաբերած վարմունքին պատճառով: Եթէ կարելի ըլլար հայ ժողովուրդը երկրագունդին վրայէն ջնջել, այն ատեն ասիկա ուրիշ ի՞նչ արդիւնք կրնար ունենալ, եթէ ոչ` պատճառել ահաւոր նիւթական վնաս մը: Քանի մը հոգիի խելապատակէն ելած այս սխալ որոշումը ուրիշ ի՞նչ կրնար ընել, եթէ ոչ դարերէ ի վեր նոյն հայրենիքը բաժնող, իրարու հետ որպէս բարի դրացի ապրող եւ ընկերային կեանքէ ներս իր բոլոր պարտականութիւնները ստանձնած ժողովուրդի մը վստահութիւնն ու ապահովութիւնը ջնջել: Արդարեւ, այդպէս եղաւ: Ոմանք պիտի պնդեն, որ հայերու մէջ ալ որոշ տարրեր ծայրայեղութեան գացին, բայց արդեօք փոքրաթիւ մարդոց սխալին պատճառով կարելի՞ է ամբողջ ժողովուրդ մը սուրէ անցընել: Ասիկա նիւթական տեսակէտէ ալ շատ վնասակար է:
Թաներ Աքչամի կողմէ նոր թրքերէնի վերածուած յօդուածին մէջ կը պնդուի, որ հայերու բնաջնջումով Թուրքիա կորսնցուց տուրքերու դրամական մեծ գումարներ:
Մուսթաֆա Քեմալի հրատարակած թերթի այս յօդուածը ամէնէն վերջ կը յիշեցնէ, որ հինէն ի վեր հայերը նկատուած են քրիստոնեայ թուրքեր: Թուրքերու եւ հայերու միջեւ ուժեղ վստահութիւն կար, թուրքերը զինուոր մեկնելէ առաջ իրենց սիրելիները հայ դրացիներուն կը վստահէին: Այս երկու ազգերուն միջեւ անկեղծ եւ սիրալիր յարաբերութիւններ կային: Անոնց միջեւ դաւաճանութեան որեւէ պատմութիւն չկար: Թուրքը հողագործութեամբ կը զբաղէր եւ անոր քով հայն ալ արուեստով եւ առեւտուրով կը զբաղէր: Ի վերջոյ երկուքն ալ լուրջ եւ միասին կ՛աշխատէին: Հայուն միակ տարբերութիւնը այն էր, որ ան մզկիթ երթալու տեղ եկեղեցի կ՛երթար: Այս փոխադարձ վստահութիւնը այնքան ուժեղ էր, որ ամէնէն մեծ փոթորիկն անգամ չէր կրնար ոչնչացնել զայն: Այդպէս ալ եղաւ, այսքան մեծ աղէտէ մը ետք նորէն այս երկու տարրերը լայնախոհ կերպով նայեցան իրարու:
Վերոյիշեալ յօդուածին եզրակացութիւնը սա է. «Հայ ազգը այս հասարակաց աղէտին դիմաց եթէ կրցաւ մասմաքուր եւ իր ցեղին արժանի լռութիւն մը պահել, արդեօք ատոր համար վնա՞ս կրեց: Այս հարցումին անվարան կրնանք «երբեք» պատասխանել: Հայերը այսուհետեւ պիտի վայելեն բոլոր այն իրաւունքները, զորս իրաւական գետնի վրայ ունէին օսմանեան շրջանին, եւ անոնք թող վստահ ըլլան, որ օսմանեան շրջանի պատմութեան մէջ եւս անոնք միշտ պիտի յիշուին երախտագիտութեամբ»:
Ահաւասիկ այս յօդուածն է, որ ըստ Թաներ Աքչամի, կ՛արտայայտէ Մուսթաֆա Քեմալին, այսինքն Աթաթիւրքին մեկնաբանութիւնը` հայերու դէմ գործուած սպանդներու կապակցութեամբ: Եւ այս յօդուածը կարելի է գործածել որպէս փաստ մը` թէ Աթաթիւրք դատապարտած է 1915-ի սպանդները հայ ժողովուրդին դէմ:
Աքչամ շարունակեց նոյն թերթին մէջ յայտնաբերել Աթաթիւրքի կողմէ յայտնուած գաղափարները, որոնք յստակօրէն կը դատապարտեն հայոց տեղահանութեան ու անոնց դէմ գործուած սպանդներուն պատասխանատուները ու կը պահանջեն, որ պատասխանատու իթթիհատականները պատժուին, բայց պատժուին ո՛չ թէ թուղթի վրայ, այլ` գործնապէս, որովհետեւ իթթիհատականներու մտայնութեան վերակենդանացումը կրնայ վնասակար ըլլալ երկրին:
Աքչամ նոյն թերթին մէջ երկրորդ յօդուածով կը յիշեցնէր այն փրոթոգոլները, որոնք Ամասիոյ մէջ ստորագրուած էին 1919-ին Մուսթաֆա Քեմալի գլխաւորած Ներկայացուցիչներու ժողովին ու Պոլսոյ Ալի Ռըզա փաշայի կառավարութեան միջեւ: Այս փրոթոգոլներուն ստորագրութենէն առաջ Մուսթաֆա Քեմալ հեռագիր մը յղած է Պոլիս եւ պաշտպանած է այն գաղափարը, թէ իթթիհատական ղեկավարները պէտք է պատժուին պատերազմի ընթացքին իրենց գործած յանցանքներուն համար:
Այդ պատիժը պէտք չէ մնայ թուղթի վրայ, այլ պէտք է հանդիսաւոր կերպով գործադրուի, որպէսզի տեսնեն Թուրքիոյ բարեկամներն ալ, թշնամիներն ալ: Մուսթաֆա Քեմալի խօսքով. «Պատերազմի յանցագործութիւններուն յայտնաբերումն ու պատժուիլը ցոյց պիտի տայ, որ մեր հայրենիքին մէջ պատասխանատուութիւնները հաւասարապէս կը բաժնուին թէ՛ մեծերուն, թէ՛ պզտիկներուն միջեւ»:
Մուսթաֆա Քեմալի կարծիքներուն մէջ արտասանուած է նաեւ «Տեղահանութիւն» բառը: Թաներ Աքչամ կը յիշեցնէ անոր այս նախադասութիւնը.
«Իթթիհատականներու մտայնութեան վերակենդանացումը, այդ ուղղութեամբ կարգ մը ազդանշաններու յայտնութիւնը քաղաքական տեսակէտէ վնասակար է: Անոնք, որոնք տեղահանութեան պատճառով յանցանք գործած են, անխուսափելիօրէն պէտք է պատժուին դատական եւ քաղաքական տեսանկիւնէն»:
Քեմալ Թուրքիոյ խորհրդարանի բացումին 24 ապրիլ 1920-ին, խօսքը արտասանած պահուն
Թաներ Աքչամ կը յիշեցնէ այլ նախադասութիւն մըն ալ, զոր կարելի է արտագրել որպէս Մուսթաֆա Քեմալի մտածումը: Մուսթաֆա Քեմալ 24 ապրիլ 1920-ին խորհրդարանի բացման առիթով ըրաւ երկար ճառախօսութիւն մը եւ հոն հայոց դէմ գործուած սպանդներուն մասին խօսեցաւ` գործածելով «ֆեզահաթ» բառը, որ կը նշանակէ ամօթալի արարք: Թաներ Աքչամ կը յիշեցնէ, որ ատենօք լրագրող Էրթուղրուլ Էօզքէօք իր վրայ յարձակած էր` պնդելով, որ Աթաթիւրք այդպիսի բան մը չէ ըսած, բայց յետոյ ան ստիպողութեան տակ մնացած էր իր թքածը լիզելու: Թաներ Աքչամ կը գրէ, որ այս նիւթին շուրջ պարկ մը լեցուն փաստ կրնայ յիշեցնել Աթաթիւրքէն ու պիտի շարունակէ անոնցմէ օրինակներ նշել:
Թաներ Աքչամ այս շարքին երրորդ յօդուածը նոյնպէս հրատարակեց «Թարաֆ» թերթին մէջ: Պատմաբանը այս անգամ կը յիշեցնէր, որ 15 հոկտեմբեր 1919-ին Մուսթաֆա Քեմալ Ամերիկայի «Ռատիօ փրես» գործակալութեան յայտնած էր, թէ ինք երաշխաւորութիւն կու տար, որ հայերու դէմ թուրքերու կողմէ նոր վայրագութիւն մը պիտի չգործադրուի: Նոյն ամիսներուն Մուսթաֆա Քեմալ տեսակցութիւն մը ունեցած էր ամերիկացի զօրավար Հարպորտի հետ եւ անոր յայտնած էր, որ սպաննուած հայերուն թիւը 800 հազար է: Ան աւելցուցած էր, որ հայերու աքսորն ու սպանդը կատարուած էր փոքրիկ կոմիտէի մը կողմէ, որ կառավարութիւնը ձեռք անցուցած էր այդ շրջանին:
Մուսթաֆա Քեմալ 6 մայիս 1920-ին զօրավար Քեազիմ Քարապեքիրի ղրկուած հեռագրի մը մէջ մասնաւոր կերպով կ՛ընդգծէ, որ պէտք է հեռու մնալ այնպիսի գործողութենէ մը, որ դարձեալ հայերու դէմ սպանդ պիտի նշանակէ:
Մուսթաֆա Քեմալին կողմէ արտասանուած խօսքերու նիւթին մէջ կարեւոր է այն, ինչ որ ան 1 օգոստոս 1926-ին ըսած էր «Լոս Անճելըս Էքզամինըր» թերթին հետ կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին: Ան Իթթիհատ եւ թերաքքը կուսակցութեան մասին խօսելու ընթացքին այս կուսակցութիւնը ներկայացուցած է որպէս «Խմբակ մը, որմէ պէտք է հաշիւ պահանջուի իրենց ապրած հողերէն զանգուածաբար աքսորուած եւ սպաննուած մեր քրիստոնեայ հպատակներուն համար»: Ըստ Մուսթաֆա Քեմալի, այս խմբակը մինչեւ հիմա ուրիշ ոչինչ ըրած է, եթէ ոչ` թալան, աւազակութիւն եւ կաշառակերութիւն, որեւէ գործի մէջ պատուաւոր կերպով չէ աշխատած եւ իր կեանքը չէ շահած ճակտի քրտինքով, ընդհակառա՛կը, միշտ թշնամացած է նմանօրինակ պատուաւոր կեանքի մը դէմ:
Թաներ Աքչամ դիտել կու տայ, որ միջոց մը ոմանք պնդեցին, թէ «Լոս Անճելըս Էքզամինըր» թերթին մէջ հրատարակուած հարցազրոյցը կեղծ ու անվաւեր էր, թէ` Աթաթիւրքի մասին արձանագրութիւններու մէջ չէր գտնուած Էմիլ Հիլտերպրանտ անուն մէկու մը հետ կատարուած հարցազրոյցի մը արձանագրութիւնը, ըսուած էր, որ այդպիսի անձ մը գոյութիւն չէ ունեցած, բայց Թաներ Աքչամ կը մտածէ, որ այդ տեսակցութիւնը կատարուած էր Թուրքիոյ գիտակցութեամբ, եւ թէ` այդ շրջանին նմանօրինակ տեսակցութիւններ կատարուած էին ուրիշ թերթերու հետ ալ. իսկ Հիլտերպրանտի հետ կատարուած հարցազրոյցը միայն «Լոս Անճելըս Էքզամինըր» թերթին մէջ չէ, որ հրատարակուած էր, այլ հրատարակուած էր ուրիշ երեք տարբեր թերթերու մէջ ալ:
Թաներ Աքչամ իր յօդուածին մէջ կը յիշեցնէ, թէ այդ շրջանին թուրքեւամերիկեան յարաբերութիւնները բաւական լարուած էին, Ամերիկայի ծերակոյտը տակաւին չէր վաւերացուցած ամերիկացիներու ալ մասնակցութեամբ ստորագրուած Լոզանի դաշնագիրը, Ամերիկայի մէջ շատ ուժեղ դիմադրութիւն կար Լոզանի դաշնագրին դէմ: Ընդդիմադիրները, իբրեւ պատճառաբանութիւն, ցոյց կու տային հայերու դէմ գործուած սպանդը: Կար ուրիշ հարց մըն ալ: Թուրքիա, հակառակ որ Լոզանի դաշնագրով խոստացած էր վերադարձնել երկիր վերադարձող հայերու թալանուած ինչքերը, երկիր վերադառնալու արտօնութիւն չէր տար ամերիկահայերուն: 1923-ին Պոլսոյ մէջ ձերբակալուած էին ամերիկահպատակ հայեր ու անոնք արտաքսուած էին: Ասիկա դիւանագիտական տագնապի մը ճամբայ բացած էր, ուստի Թուրքիա ամէն միջոցի կը դիմէր, որպէսզի մաքրէր Թուրքիոյ արատաւորուած վարկը: Թուրքիոյ պատկերը պէտք էր մաքրուէր, որպէսզի Լոզանի դաշնագիրը վաւերացուէր: Կը թուի, թէ Մուսթաֆա Քեմալի նմաններուն ու այլոց կողմէ կատարուած նմանօրինակ յայտարարութիւններուն շնորհիւ Թուրքիոյ պատկերը մաքրագործուեցաւ, ու 1926-ին, երբ երկրորդ անգամ մըն ալ օրակարգի բերուեցաւ, ծերակոյտը վաւերացուց Լոզանի դաշնագիրը: Ամերիկացիները կ՛ուզէին այն պատկերը ստեղծել, թէ հիմա նոր Թուրքիա մը ծնունդ առած էր:
Թաներ Աքչամ դիտել կու տայ, որ պիտի շարունակէ ուրիշ փաստաթուղթեր ալ հրատարակել: