«Արցախփրէս»ը կը տեղեկացնէ, թէ Թրքական անհիմն հետապնդումներուն պատճառաւ Յունաստան ապաստանած պոլսահայ յայտնի լեզուաբան Սեւան Նշանեան Twitter-ի իր էջին վրայ զետեղած է թուրք յայտնի պատմաբան Թաներ Աքչամի հետ իր նկարը: «Թաներ Աքչամի հետ՝ Թուրքիոյ ապագային հետ կապուած ծրագիրներ կազմելու ընթացքի մէջ ենք: Չանհանգստանաք, լաւ պիտի ըլլայ», նկարին տակ գրած է Նշանեան:
Նշենք, որ Թաներ Աքչամ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ապացուցող բազմաթիւ պատմական աշխատութիւններու հեղինակ է: