Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի բազմաբեղուն խմբագրապետը՝ Ռոպեր Հատտէճեան, թերթին երէկուան (11 Փետրուար 2021) թիւով ստորագրած էր հետեւեալ սրտախօսիկ ակնարկը՝ շուրջ 35 տարի առաջ պատահած «դէպք»ի մը մասին, որ թէ՛ իր եւ թէ՛ իմ կեանքին մէջ մնաց անմոռանալի…:
Գրեց՝ Ռոպեր Հատեճեան
Երէկուան մեր թիւով հրատարակուած էր մեր սիրելի բարեկամ եւ աշխատակից, տաղանդաւոր գրող Լեւոն Շառոյեանի հետ Հալէպի «Գանձասար» պաշտօնաթերթին կողմէ կապեր արուած զրոյցի մը առաջին մասը (շարունակութիւնը պիտի հրատարակուի քանի մր օր վերջ)։ Զրոյցին խորագիրն էր՝«Գիրքերու աշխարհին մէջ՝ Լեւոն Շառոյեանի հետ»։ Շառոյեան շատ խանդավառ ոճով կը պատմէր թէ ինչպէ՜ս կանուխ տարիքէն սիրահարած էր հայոց լեզուին ու Մեսրոպեան տառերուն, թէ որո՜նք եղած էին հայերէն իր առաջին ընթերցումները եւ թէ ինչպէ՜ս ժամանակի ընթացքին ինք ալ դարձած էր Մեսրոպաշունչ գրագէտ մը։
Վստահ եմ որ մեր գրասէր ընթերցողները հաճոյքով կարդացին զրոյցին առաջին մասը։ Հետաքրքրութեամբ կարդացի ես ալ եւ ատոր մէջ ես գտայ նաեւ զի՛ս։
Արդարեւ, Շառոյեան կը պատմէր որ փոքր տարիքէն բաժանորդագրուած էր «Մարմարա»-ին եւ մեծ զարմանք պատճառած էր ինծի, քանի որ գրեթէ բնաւ չէր պատահած որ ուրիշ երկրէ մը պատանի մը բաժանորդագրուէր թերթին։
Տասնամեակներ անցեր են այդ թուականին վրայէն ու ես երէկուան պէս կը յիշեմ։ Շառոյեանի պարագան երեւոյթ մըն էր ու այդ երեւոյթը արդարացուց ինքզինքը, որովհետեւ այն պատանին՝ որ բաժանորդագրուած էր «Մարմարա»-ին, կարճ ժամանակ վերջ դարձաւ մեր թերթին արժէքաւոր աշխատակիցներէն մէկը։ Իսկ ես, Շառոյեանի գրականութեան մէջ գտայ եւ այսօր ալ անպայման կը գտնեմ այն ամէն ինչը՝ զոր կը փնտռեմ հայերէնով գրուած գրութեան մը մէջ։
Շառոյեան կը պատմէ ու ես ալ չեմ մոռցած։ Այն թուականին, երբ պատանի Շառոյեան բաժանորդագրուած էր «Մարմարա»-ին, գրած էի խանդավառ յօդուած մը՝ «Թանթիկս մեռաւ» խորագրին ներքեւ ու պատմած էի որ առաւօտուն մեր բաժանորդներէն մէկը հեռաձայնած էր խմբագրատուն՝ խնդրելով որ թերթին առաքումը դադրեցնենք, որովհետեւ թերթը կարդացողը թանթիկն էր ու թանթիկը մեռած էր։ Յուսահատութիւն պատճառող այդ հեռաձայնէն քիչ վերջ եկած էր այս անգամ Շառոյեանին խրախուսիչ նամակը։ Այլ խօսքով, ինչպէս գրուած է յօդուածին մէջ, Շառոյեան պատանին եկած էր բազմիլ ծերունազարդ թանթիկէն պարպուած աթոռին վրայ։
Անցնող տասնամեակները շատ բան փոխեցին մեր հայաշունչ մամուլին ու գրականութեան մէջ։ Այսօր աւելի քան երբեք պէտք ունինք թանթիկներէն պարպուած աթոռները գրաւելու գալիք պատանի նոր Շառոյեաններու։ Թէեւ, փառք Աստուծոյ, տակաւին ունինք շատ հաւատարիմ ընթերցողներ, թանթիկներ ու հօբարներ, որոնք ամէն օր անպայման տէր կը կանգնին իրենց հայատառ թերթին, բայց 14 կամ 24 տարեկանները չեն երեւիր հորիզոնին վրայ…։
Կը մնայ առողջ ու երկար կեանք մաղթել հայաշխարհի բոլոր թանթիկներուն եւ աղօթել որ հրաշք մը պատահի, որպէսզի թանթիկներուն քով յայտնուին Մեծասքանչի երկրպագու նոր Շառոյեաններ։