ԵՐԵՒԱՆ.- «Ելք» խորհրդարանական ընդդիմադիր դաշինքին նախաձեռնած՝ թանկացումներուն դէմ բողոքի երթը սկիզբ առաւ Շարլ Ազնաւուր հրապարակէն եւ անցնելով Աբովեան, Մաշտոց ու Թումանեան փողոցներով՝ աւարտեցաւ Հիւսիսային Պողոտային վրայ: «Ելք»ի ղեկավարներէն Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ իրենց երթերն ու բողոքի ցոյցերը շարունակական պիտի ըլլան:
Յաջորդ երթը տեղի պիտի ունենայ 5 Փետրուարին: Փաշինեան ըսաւ, որ յառաջիկային իրենք դաշինքին ամէնէն բազմամարդ երթը պիտի կազմակերպեն:
«Մեր խնդիրն այս էներգետիկայի, այս պահանջի սեփականատէր դարձնել է ՀՀ աւելի շատ քաղաքացիների: Իշխանութիւնների համար իր ծաւալներով երթն ամենեւին էլ սարսափելի չէր, սակայն իր պոտենցիալով (կարողականութեամբ, Խմբ.) կարող է դառնալ», յայտարարեց Փաշինեան՝ աւելցնելով, որ իշխանութիւնները պէտք է կասեցնեն վառելիքի գիներուն աճը եւ չեղեալ յայտարարեն հարկային բարձրացումները: