ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Չի բացառուիր, որ թատերական կեանք մը գոյութիւն ունեցած ըլլայ Քեսապի շրջանին մէջ 19-րդ դարու վերջաւորութենէն մինչեւ 1915: Չմոռնանք որ հոն կը գործէր դպրոցական հսկայ ցանց մը ու այդ օրերուն Սուրիոյ առաջին հայկական բարձրագոյն վարժարանը՝, Քեսապի Աւետարանական աղջկանց վարժարանը (high school): 1904-ին կը հիմնուէին Առաքելական Հայոց Կրթարասիրաց երկու միութիւններ Գարատուրանի եւ Քեսապի մէջ. վերջինիս իրագործումը եղաւ Քեսապի Գրադարանի շէնքի կառուցումը 1910-ին: 1910-ին կը հիմնուի նաեւ Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութիւնը: Դպրոցական եւ միութենական թատրոնը չէր կրնար բացակայիլ այս շրջանակին մէջ:
1920-ական թուականներէն սկսեալ Քեսապի շրջանին մէջ կը գործեն յարանուանական եւ կուսակցական բազմաթիւ միութիւններ, ՀԲԸՄ-ի եւ Օգնութան Խաչի մասնաճիւղեր:
Կը տեսնենք, որ այս միութիւններու գործունէութեան մէջ հիմնական բաժին ունէր թատրոնը: Թատերական ձեռնարկները եկամտաբեր էին: Քեսապի բեմին վրայ մինչեւ մեծ հայրենադարձութիւն տարբեր խումբերու կողմէ ներկայացուած են Յակոբ Պարոնեանի «Արեւելեան ատամնաբոյժը», «Շողոքորթը», «Մեծապատիւ Մուրացկանները», Եր. Օտեանի «Չարշըլը Արթին աղան», Շիրվանզադէի «Պատուի համարը», Զ. Ասատուրի «Հարսը», ժամանակի բեմերէն վար չիջնող բազմաթիւ զաւեշտներ ու հայոց պատմութենէն քաղուած ողբերգութիւններ (տե՛ս ՔԵՍԱՊ, Ա. հատոր, էջ 456-459, 512-513, Գ. հատոր, էջ 653):
Պէտք է նշել, որ 1920-1940 թուականներու Քեսապի բեմն ալ կուսակցականացուած էր ինչպէս ամէն տեղ Սփիւռքի մէջ: Ազգային ազատագրական պայքարի նիւթերով թատերախաղեր բեմէն չէին իջներ: Հնչակեանները կը բեմադրէին Սեդրաք Շահէնի «Կարկառուն Կամարները» (1912), «Քսան Կախաղանները» (1918), «Զէյթունը» (1920), «Թալաաթի անկումը» (1928), իսկ դաշնակցականները՝ Յովհաննէս Նազարեանի «»Խանասորի արշաւանքը» (1912 ), Աւ. Ահարոնեանի «Արցունքի հովիտը», «Արիւնոտ թթխմորը» եւ այլն:
Կից լուսանկարները վերջերս ձեռք բերի. 1920-1940 թուականներուն Քեսապի եւ Գարատուրանի մէջ կատարուած թատերական ներկայացումներէն ետք առնուած լուսանկարներու շարք մը, մեծ մասով՝ գործ լուսանկարիչ Անդրանիկ Գայբըտեանի: